MAP

ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը  

ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը ընթացք առաւ Պասքինթայի մէջ` աւելի քան 1000 ՀՄԸՄ-ականներու մասնակցութեամբ

Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Գահիրէի, Ամմանի եւ Պաղտատի շրջաններէն աւելի քան 1000 սկաուտներու:

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Գահիրէի, Ամմանի եւ Պաղտատի շրջաններէն աւելի քան 1000 սկաուտներու:

Բանակումին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ բանակումները առիթ են միութեան մէջ մեր սորվածները գետնի վրայ կիրարկելու, տեսականը գործնականի վերածելու, միասնաբար ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու, միասին ապրելու, բարեկամանալու, ազգային ու մարդկային արժէքներու շուրջ համախմբուելու, ՀՄԸՄ-ով զօրանալու եւ ամրապնդուելու:

Ան խօսեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտին ու ՀՄԸՄ-ին վստահուած դերակատարութեան մասին եւ ընդգծեց.  «ՀՄԸՄ-ի մէջ կը կերտուի ինքնավստահ մարդը, կը կոփուի ազգին նուիրուելու պատրաստ հայը: ՀՄԸՄ-ի մէջ հասակ կ՛առնեն պատասխանատու եւ տիպար միութենականները, որոնց մէջ մենք կը տեսնենք մեր ապագան, մեր վաղուան առաջնորդներն ու ազգին պահապանները»:

Ապա, Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումին անդրադառնալով Համամճեան ըսաւ. «Թող այս բանակումը առիթ մը ըլլայ բնութեան գիրկը մտերմիկ եւ օգտաշատ օրեր անցընելու, նորութիւններ սորվելու եւ բաժնեկցելու, ընկերութիւններ հիմնելու, փորձառութիւններ շահելու` միշտ առաջնորդուելով հայրենիքին, ազգին ու Աստուծոյ ծառայելու ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով»:

Աւարտին, ան Միջին Արեւելքի «իւրայատուկ օրրան»-էն` Լիբանանէն, բանակումի մասնակիցներուն անունով ողջունեց Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհի ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները` «խոստանալով միասնաբար շարունակել մեր նախնիներուն երթը եւ կերտել նորանոր յաջողութիւններ»:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան, որ ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի նորագոյն պատմութեան ծանօթներուն համար նորութիւն կը նկատուի ցամաքամասային բանակումի գաղափարը: Բոլորս ալ ծանօթ ենք Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն, որոնք քառամեայ հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենան` իրենց հովանիին ներքեւ համախմբելով զանազան երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ: ՀՄԸՄ-ական իւրաքանչիւր սկաուտի երազն է գէթ մէկ անգամ մասնակցիլ այդ բանակումներուն` վայելելու անոնց խանդավառ մթնոլորտը եւ կապեր հաստատելու իրեն նման ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ: Այլազան պատճառներով սակայն ամէն սկաուտ առիթը չ՛ունենար մասնակցելու այդ բանակումներուն եւ կը զրկուի այդ պահէն ու անոր հաճելի յիշատակներէն: Նկատի ունենալով այս պարագաները, Կեդրոնական վարչութիւնը գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու ցամաքամասային բանակումներ, որոնք պիտի համախմբեն աշխարհագրականօրէն նոյն տարածքին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի շրջաններու սկաուտները` առիթը տալով անոնց սկաուտական բացօթեայ կեանքը վայելելու` թէեւ իրարմէ հեռու շրջաններու մէջ ապրող, սակայն նոյն միութեան պատկանող քոյրերու եւ եղբայրներու հետ»:

Շարունակելով` Օրտողլեան ողջունեց բանակումին հիւրընկալ եւ մասնակից շրջանները եւ խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով ըսաւ. «Օգտուեցէ՛ք այս եզակի առիթէն, որ ձեզի կը տրուի, մոռցէ՛ք, թէ ո՛ր մասնաճիւղին կամ ո՛ր շրջանին կը պատկանիք. յիշեցէ՛ք միայն, որ դուք ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն էք եւ կը մասնակցիք իր տեսակին մէջ  իւրայատուկ այս բանակումին: Վայելեցէ՛ք իւրաքանչիւր պահը, հաստատեցէ՛ք նոր բարեկամութիւններ եւ այդ կապերը  ամուր պահեցէք ու շարունակեցէք բանակումէն ետք ալ: Եղէ՛ք կարգապահ, հետեւեցէ՛ք ձեզի փոխանցուած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն, որովհետեւ այս բանակումին յաջողութիւնը կախեալ է ձեր բոլորին գործակցութենէն եւ կարգապահութենէն»:

Անկէ ետք խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման բանակումի մը յաջողութեան համար տարուած է համախմբուած ու կազմակերպուած աշխատանք: Ան պատիւ նկատեց գործակցելու եւ աշխատելու ՀՄԸՄ-ականներուն տիպար, անձնուէր եւ ապագայի ղեկավար խմբապետներուն հետ, որոնց ուժերուն, ազգասիրութեան ու հաւատքին շնորհիւ կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել նման բանակում մը:

Խօսքը տարազաւորներուն ուղղելով` ան մաղթեց, որ բանակումը ըլլայ հեզասահ, չարքաշ, կարգապահ, ուրախ բանակում մը` առաջնորդուելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով:

Ապա պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ բանակումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 19 յուլիս 2025:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2025, 08:00