Ուքրանիա կը յայտարարէ, թէ պայթեցուցած է Խրիմի կամուրջին յենարանները
Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ պայթեցուցած է Խրիմի կամուրջին յենարանները:
«Ուքրանիոյ Պետական անվտանգութեան գործակալները ականապատած են այդ անօրինական կառոյցի յենարանները, եւ այսօր առանց քաղաքային զոհերու առաջին պայթուցիկ սարքը գործարկուած է ժամը 4:44-ին», յայտարարած է գերատեսչութիւնը` նշելով, որ գործողութիւնը տեւած է քանի մը ամիս, եւ օգտագործուած է 1100 քիլոկրամնոց պայթուցիկ:
Ուքրանիոյ Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը նշեց, որ կամուրջը նախապէս ականահարուած է 2022 եւ 2023 թուականներուն, իսկ այսօր թիրախաւորուած է ջուրին տակէն:
Ծառայութիւնը ընդգծեց, որ ռուսական ապօրինի կառոյցները ուքրանական հողերուն վրայ տեղ չունին, եւ Ռուսիան այդ կամուրջը կ՛օգտագործէր իր ուժերուն մատակարարման համար:
Ուքրանիոյ Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը շեշտեց, որ Խրիմը ուքրանական է եւ այդպէս պիտի մնայ, բռնագրաւումի որեւէ երեւոյթ բուռն հակազդեցութեան պիտի արժանանայ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նախքան այդ, Խրիմի կամուրջի թելեկրամեան ալիքը երէկ հաղորդած էր երթեւեկի ժամանակաւոր դադրեցման մասին, որ ըստ աղբիւրին, վերականգնուած է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ