Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ ԱԲի (AI) գործարան մը՝ տարածաշրջանի մեծագոյն արուեստագիտական նախագիծը
Արհեստական բանականութեան (ԱԲ-AI` Artificial Intelligence) «Ֆայըրպըրտ» (Firebird) ամպային ընկերութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը` NVIDIA-ի աջակցութեամբ` յայտարարեցին արհեստագիտական նորարարութիւնները արագացնելու եւ Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իբրեւ Արհեստական բանականութեան կեդրոն դարձնելու համար յառաջադէմ արհեստական բանականութեան ենթակառուցուածքներ կառուցելու գաղափարին մասին:
«Ֆայըրպըրտ»ը Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է 500 միլիոն տոլարի պետական-մասնաւոր գործընկերութեան տեսլականը, որ պիտի խթանէ երկրին մէջ արհեստական բանականութեան արհեստագիտութիւններու զարգացումը եւ աճը: «Այս նախաձեռնութիւնը կը նպաստի տեղական տեխնոլոգիական (արհեստագիտական) էկոհամակարգի (բնապահպանական համակարգի) աճին` միաւորելով բարձր արդիւնաւէտութեամբ ենթակառուցուածքները, տաղանդը եւ նորարարութիւնը: Արդիւնաբերութեան եւ կառավարութեան հետ համագործակցելով` «Ֆայըրպըրտ»ը նպատակ ունի աջակցել տնտեսական աճին եւ օգնել բիզնեսներին, ձեռնարկատէրերին եւ ակադեմիական ոլորտին մնալ առաջատար արհեստական բանականութեան ոլորտում», կ՛ըսուի ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Իր կարգին Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը յայտնէ, որ Հայաստան կը միանայ արհեստական բանականութեան համաշխարհային շարժին` ոչ իբրեւ դիտորդ, այլ իբրեւ նոր կարելիութիւններ ստեղծող: ««Ֆայըրպըրտ»ընկերութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնն ու NVIDIA-ն ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներից յետոյ մեկնարկում են համատեղ նախագիծ, որն արմատապէս փոխելու է մեր տարածաշրջանի տեխնոլոգիական քարտէզը», կ՛ըսէ Հայրապետեան՝ աւելցնելով, որ այս նախագիծով պիտի իրականացուի 500 միլիոն տոլարի ներդրում, պիտի տեղակայուին հազարաւոր NVIDIABlackwellGPU-ներ, պիտի ձեւաւորուի աւելի քան 100 մեկաուաթ հզօրութեամբ ենթակառուցուածք: Գործարկումը նախատեսուած է 2026 թուականին: ԱԲ գործարանը կը դառնայ հարթակ նորարարութիւնների, կրթութեան, գիտութեան եւ ձեռներէցութեան համար: Այն խթանելու է տեղական ու միջազգային ստարտափների զարգացումը, ապահովելու է գիտութեան ու տեխնոլոգիայի կապը, եւ Հայաստանը կը դարձնի տարածաշրջանային տեխնոհաբ` արհեստական բանականութեան իրական ստեղծման վայր: Այս նախաձեռնութեամբ Հայաստանը ոչ միայն արձագանքում է գլոբալ տեխնոլոգիական փոփոխութիւններին, այլ նաեւ դառնում է այդ գործընթացների մասնակից: Ձեւաւորւում է նոր հարթակ, որտեղ տեղական ներուժը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ստեղծելու արդիական լուծումներ` համահունչ միջազգային զարգացումներին: Սա ռազմավարական ներդրում է մեր երկրի երկարաժամկէտ տեխնոլոգիական առաջընթացի համար», կը յայտնէ Հայրապետեան՝ աւելցնելով. «Ընդգծւում է, որ արհեստական բանականութեան նոր գործարանը նշանակալի հանգրուան է Հայաստանի` յաջորդ սերնդի տեխնոլոգիաների առաջատար դառնալու ճանապարհին»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց այս քայլը՝ ըսելով. «Սա մեր տեխնոլոգիական ոլորտի եւ գլոբալ (համաշխարհային) գործընկերութիւնների ամրապնդման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ է»: Ան աւելցնելուց, որ կառավարութիւնը ուրախ է աջակցելու այս նախաձեռնութեան եւ նոր կարելիութիւններ ստեղծելու հայ ժողովուրդին եւ տարածաշրջանին համար:
NVIDIA-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ճենսըն Հուանկ կարեւոր նկատեց այս քայլը՝ նշելով, որ Հայաստանի հետ գործակցութիւնը պիտի օգնէ զարգացնելու արհեստական բանականութեան հիմնարար կարողութիւնները եւ տարածաշրջանին մէջ նոր կարելիութիւններ ստեղծելու նորարարութեան եւ տնտեսական աճին համար։
Firebird.ai-ի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ռազմիկ Յովակիմեան շեշտեց, որ խօսքը նորարարութեան մեկնարկային հարթակ մը հաստատելու մասին է` Հայաստանէն մինչեւ աշխարհ: «Մենք ներդրումներ կը կատարենք նորարարական մոդելների (օրինակներու), ռոբոտաշինութեան եւ գիտութիւնների մէջ` համագործակցելով աշխարհի առաջատար համալսարանների հետ, եւ կը ստեղծենք նորարարների յաջորդ սերնդին Հայաստանում ինկուբացնելու (թխսելու) կարողութիւններ», ըսաւ Յովակիմեան։
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի նախագիծին գծով նոյնպէս իր ոգեւորութիւնը արտայայտեց` նշելով, որ իրենք կը միտին խթանել աւելի մեծաթիւ նորարարութիւններ Հայաստանի արհեստագիտական բանականութեան ոլորտին մէջ, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու համար։
«Մենք հպարտ ենք, որ ամերիկեան ընկերութիւնները հայ գործընկերներուն համար նախընտրելի գործընկերներ են», ըսաւ Քվինի։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ