Հոգեգալուստ` Եկեղեցւոյ Տարեդարձ
Հոգեգալուստը, որ նաեւ կը կոչուի Պենտեկոստէ, քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր տօներէն մին է: Այս տօնը եկեղեցւոյ տարեդարձն է: Ըստ Աստուածաշունչ մատեանի Գործ Առաքելոց գիրքին, Քրիստոսի եկեղեցին ծնունդ առաւ Երուսաղէմի մէջ յամի Տեառն 30-ական թուականներուն սկիզբը` եբրայական Պենտէկոստէի տօնին: Յիսուսի աշակերտները եւ հետեւորդներէն ոմանք, թիւով 120 հոգի, երբ միասին կ՛աղօթէին Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, եւ անոնք սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ եւ արտակարգ եռանդով զԱստուած պաշտել:
Հոն գտնուող ականատեսներ նմանօրինակ բան չէին տեսած եւ ապշած կը դիտէին Քրիստոսի հետեւորդներու այս խումբը: Ոմանք յանգեցան այն եզրակացութեան, որ այս մարդիկ գինովցած են, բայց Յիսուսի աշակերտներէն Պետրոս զանոնք վստահեցուց, որ անոնք գինով չէին, այլ Աստուծոյ Ս. Հոգիով լեցուած մարդիկ էին: Առաքեալը յայտնեց, թէ այն, ինչ որ կը պատահէր այդ պահուն, Հին ուխտի Յովէլ մարգարէի մարգարէացած իրերու կատարումն էր:
Յովէլ մարգարէ Ս. Հոգիին ներշնչումով հաղորդած էր, որ Ս. Հոգին պիտի թափէր մարդոց վրայ եւ հրաշալի բաներ պիտի պատահէին (Յովէլ 2.28):
Այս պատահարը նաեւ կատարումն էր Յիսուսի խոստումին, զոր Ան տուած էր այդ դէպքէն 10 օրեր առաջ, իր երկինք համբարձման օրը, երբ ան կը հաղորդէր. «Սուրբ Հոգւոյն ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրի ծայրերը» (Գործք. 11.8):
Գործք Առաքելոց գիրքը կը յայտնէ, թէ ի՛նչ ազդակներ սատարեցին Հոգեգալուստի դէպքին: Գործք Առաքելոցի հեղինակը` Ղուկաս առաքեալ, կը հաղորդէ, որ Քրիստոսի հետեւորդները միաբանութեան հոգիով տոգորուած էին: «Հաւատացեալները ամէն օր միաբանութեամբ տաճար կ՛երթային» (Գործք. 2:46): Ապա հեղինակը կ՛աւելցնէ. «Անոնք իրարու հանդէպ եղբայրական սէր ունենալուն համար իրենց ստացուածքը ծախելով` անոր եկամուտը կը բաժնեկցէին» (Գործք. 2.45):
Հուսկ, Քրիստոսի հետեւորդները աղօթքի եւ պաշտամունքի հոգիով լեցուած էին: «Անոնք խոր նուիրումով եւ միասնաբար կ՛աղօթէին եւ զԱստուած կը փառաբանէին` սրտի ուրախութեամբ եւ անկեղծութեամբ» (Գործք. 2.46):
Իբրեւ արդիւնք Հոգեգալուստի չնաշխարհիկ դէպքին` ծնունդ առաւ Քրիստոսի կենսունակ եկեղեցին: Աւետարանիչ Ղուկաս կը յիշէ իր Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, թէ Պետրոս առաքեալ տուաւ հոգեշունչ պատգամ մը, որ իր հզօր ներգործութիւնը ունեցաւ երեք հազար մարդոց կեանքին մէջ` հիմքը դնելով Քրիստոսի եկեղեցւոյ (Գործք. 2.42):
Հոգեգալուստէն ետք Յիսուսի աշակերտները եւ նորածին եկեղեցւոյ անդամները Ս. Հոգիին հզօր ազդեցութեան ներքեւ Քրիստոսի անվախ վկաները դարձան: Անոնք դուրս գալով իրենց թաքստոցներէն` խիզախաբար քարոզեցին խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը:
Եկեղեցին ուռճացաւ եւ զօրացաւ. «Տէրը օրէ օր փրկուածները կ՛աւելցնէր եկեղեցիին» (Գործք. 2.47): Հետզհետէ եկեղեցին առոյգ եւ ուռճացող հաւաքականութիւն մը դարձաւ եւ Երուսաղէմ քաղաքի սահմաններէն անդին անցնելով` հասաւ Եւրոպա եւ անդին:
Հոգեգալստեան տօնի մշտանորոգ պատգամը այն է, որ երբ Ս. Հոգին Քրիստոսի հետեւորդներուն, եկեղեցիին կեանքին մէջ ներգործէ, աներեւակայելի հրաշքներ կը պատահին, կեանքեր եւ հաւաքականութիւններ կը յեղաշրջուին, Քրիստոսի եկեղեցին աւելի եւս կը զօրանայ եւ օրհնութեան փառաւոր աղբիւր մը կը դառնայ մարդկութեան:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ