MAP

2024.06.03 Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai - Bkerke - Libano - domenica 2 giugno 2024

«Գոյութիւն ունի լաւ առիթ մը, որ պէտք չէ կորսնցնենք» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

«Առիթ կայ դուրս գալու տագնապի մտայնութենէն: Առիթ կայ կառուցելու պետական եւ ազդու հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն ծառայութեան կամքով եւ ոչ թէ տիրելու: Առիթ գոյութիւն ունի վերականգնելու քաղաքացիին ու պետութեան միջեւ վստահութիւնը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի առաքելութեան խորքը բազմազանութեան ու գործընկերութեան հայրենիք ըլլալն է, ազգային միութեան մէջ բազմազան համայնքներու հայրենիքը: Սակայն այս առաքելութիւնը այսօր աղաւաղման ենթակայ է պառակտումին, իրարմէ հեռանալուն եւ պարանաձգութեան պատճառով»:

Ան նշեց, որ Լիբանան այսօր խաչմերուկի վրայ կանգնած է. կա՛մ կը շարունակէ տեղքայլի եւ պառակտման փապուղիին մէջ քալել, կա՛մ ալ անգամ մը եւս ոտքի կը կանգնի գործընկերութեան եւ վերանորոգման հիմերուն վրայ:

«Գոյութիւն ունի իրական առիթ մը, որ պէտք չէ կորսնցնենք, անիկա այն է, որ բարեկարգումի եւ տնտեսական վերականգնման կարելիութիւններ կան, պարկեշտ քաղաքացիներ կան, որոնք հանդարտութեամբ կը կառուցեն: Կան երիտասարդներ, որոնք մեր երկրին կը հաւատան եւ երազէն չհեռացան:

«Առիթ կայ դուրս գալու տագնապի մտայնութենէն: Առիթ կայ կառուցելու պետական եւ ազդու հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն ծառայութեան կամքով եւ ոչ թէ տիրելու: Առիթ գոյութիւն ունի վերականգնելու քաղաքացիին ու պետութեան միջեւ վստահութիւնը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

«Կը հաւատանք, թէ լոյսը խաւարէն, սէրը պառակտումէն եւ հաւաքական աշխատանքը նեղ շահերէն աւելի հզօր են», նշեց մարոնիներու պատրիարքը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2025, 09:11