MAP

2020.08.11 -ONU logo New York - USA - Giornata mondiale - generico

Միացեալ Նահանգներ վեթոյի ենթարկեցին Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ օժանդակութիւններու անարգել մուտքի կոչ ուղղող Ապահովական Խորհուրդի բանաձեւը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Թոմ Ֆլեչըր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութենէն առաջ կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն դարձեալ արտօնելու Կազայի բնակչութեան օգնելու` ընդգծելով, որ այդ կողմերը ծրագիր, մատակարարումներ եւ փորձառութիւն ունին:

Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի ենթարկեցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէր Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել մուտքը արտօնելու:

Ուաշինկթըն իր այս քայլը արդարացուց նշելով, որ բանաձեւին բովանդակութիւնը կ՛ականահարէ տագնապի լուծման համար թափուող դիւանագիտական ջանքերը:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տորոթի Շէա քուէարկութենէն առաջ նշեց. «Այս որոշումը պիտի ականահարէ զինադադար հաստատման ձգտող դիւանագիտական ջանքերը, գետնի վրայ իրողութիւնը շրջուած կերպով կը ներկայացնէ եւ Համասը կը քաջալերէ: Այս որոշումը նաեւ կեղծ հաւասարութիւն կը կիրարկէ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Թոմ Ֆլեչըր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութենէն առաջ կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն դարձեալ արտօնելու Կազայի բնակչութեան օգնելու` ընդգծելով, որ այդ կողմերը ծրագիր, մատակարարումներ եւ փորձառութիւն ունին:

Ֆլեչըր իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց. «Բացէ՛ք սահմանային անցակէտերը, բոլոր անցակէտերը: Արտօնեցէ՛ք կեանք փրկող օժանդակութիւններու բոլոր կողմերէն լայնածաւալ կերպով մուտքը: Վերցուցէ՛ք հաստատուած արգելքները որակին ու ծաւալին վրայ օժանդակութիւններուն, որոնք կարելի է մտցնել: Ապահովեցէ՛ք, որ մեր կարաւանները յետաձգման եւ մերժումի պատճառով չխանգարուին»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2025, 08:24