MAP

Միջուկային զէնքեր Միջուկային զէնքեր 

2024ին միջուկային զէնքերու վրայ ծախսերը գերազանցած են 100 միլիառ տոլարը

Միջուկային զէնքի վերացման, միջազգային արշաւի կողմէ հրապարակուած միջուկային զէնքի ծախսերու վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը։ Ներկայ ժամանակներու մէջ կան մօտաւորապէս 12,000 մարտագլխիկներ, որոնցմէ գրեթէ 90 տոկոսը արտադրուած են Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսիոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ICAN-ի տարեկան զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ 2024 թուականին, միջուկային զէնք ունեցող երկիրները՝ Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Ֆրանսան, Հնդկաստանը, Իսրայէլը, Փաքիստանը, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները, իրենց միջուկային զինանոցներուն վրայ ծախսած են աւելի քան 100 Միլիառ տոլար, ինչ 11 առ հարիւր աւելի է քան, նախորդ տարին։ ։

Նշենք որ ICAN-ը միջազգային արշաւ մըն է, որ նպատակ ունի արգիլել և վերացնել միջուկային զէնքը։

Վերոյիշեալ գումարը համարժէք է ամէն մէկ երկվայրկեանի մէջ 3,169 տոլարի, օրական 274 միլիոն տոլարի եւ շաբաթական մօտ 1,9 միլիառ տոլարի ու այդ ծախսերը կը կազմեն ՄԱԿ-ի պիւտճէին գրեթէ 28 անգամը։

Միայն Միացեալ Նահանգները ծախսած է աւելի քան 56,8 միլիառ տոլար՝ միւս երկիրներէն շատ աւելի։ Երկրորդ տեղը կը գտնէ Չինաստանը՝ 12,5 միլիառ տոլարով, որուն կը յաջորդէ Միացեալ Թագաւորութիւնը (10,4 միլիառ տոլար), Ռուսիան (8 միլիառ տոլար), Ֆրանսան (6,8 միլիառ տոլար), Հնդկաստանը (2,6 միլիառ տոլար), իսկ Իսրայէլը, Փաքիստանը եւ Հիւսիսային Քորէան՝ մօտ (1 միլիառ տոլար)։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 12,000 միջուկային մարտագլխիկներու առկայութիւնը՝ Հիմնականին մէջ Ամերիկային եւ Ռուսիոյ, կ՝ընդգծեն համաշխարհային վերազինման վտանգը, Հակառակ որ միջուկային զէնք ունեցող երկիրները, պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ «միջուկային պատերազմին կարելի չէ յաղթել  եւ երբեք պէտք չէ մղուի»։

Զեկոյցը կը դատապարտէ, որ այս հսկայական գումարները, «Վատնուած են» քանի, որ անոնք կրնային ուղղուած ըլլալ համաշխարհային խնդիրներուն, ինչպէս կլիմայի փոփոխութիւնը, կենսաբազմազանութեան կորուստը, կամ հանրային ծառայութիւնները, որոնց շարքին առողջապահութիւնը, կրթութիւնը եւ բնակարանային ապահովումը։ «Միջուկային զէնքերու դադրեցումի շօշափելի գործունէութիւններուն մէջ առաջընթացքին բացակայութիւնը տակաւին ակնյայտ է ՝ չնայած միջազգային կոչերուն» ընդգծուած է ICAN-ի տարեկան զեկոյցի մէջ։

2007 թուականին հիմնադրուած եւ 2017 թուականին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած միջուկային զէնքերը ոչնչացնելու միջազգային արշաւը կ՝աշխատի խթանելու համար միջուկային զէնքը արգիլելու պայմանագիրը, փորձելով ուշադրութիւն հրաւիրել այդ զէնքի օգտագործումի աղետալի մարդասիրական հետեւանքներուն վրայ, եւ խթանել համաշխարհային զինաթափումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2025, 10:10