MAP

ISRAEL-IRAN-CONFLICT

Իրանի եւ Իսրայէլի հայ համայնքներուն մէջ զոհեր չկան

Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ կան Իրանի տարածքով բեռներու տեղափոխութեան հարցեր: Հայկական բեռներու մէկ մասը մնացած է Պանտար Ապպաս նաւահանգիստին մէջ եւ դրացի երկրի ճամբաներուն վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ազատութեան» տեղեկացուց, թէ Իրանի եւ Իսրայէլի զոհերուն մէջ, ըստ ներկայ տուեալներուն, հայեր չկան։

Երեւան կը տեղեկացնէ, որ տեղւոյն Հայաստանի դեսպանութիւնները «հանդէս են եկել համապատասխան հաղորդագրութիւններով` տրամադրելով անհրաժեշտ կոնտակտային (կապի) տուեալներ, որոնց միջոցով մշտական կապ է պահպանւում ՀՀ քաղաքացիների հետ»:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Երեւան մնայուն կապի մէջ է նաեւ հաւատարմագրման երկրի իշխանութիւններուն հետ:

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Իսրայէլ-Իրան հակամարտութեան պատճառով կրնան տուժել դէպի Հայաստան մատակարարումները։

«Իրան-իսրայէլ հակամարտութիւնը կարող է ազդել մատակարարումների վրայ, քանի որ մեր տնտեսութեան լոգիստիկայի (միջոցներու դասաւորումի) մի մասը նաեւ կապուած է Իրանից մատակարարումների հետ: Դրանք կարող են խաթարուել, երկարել, թանկանալ եւ այլն: Եթէ իրավիճակը այնպէս սրուի, որ միջազգային ներդրողները Հայաստանը նոյնպէս սկսեն համարել ռիսկային (վտանգաւոր) միջավայր ներդրումներ կատարելու համար, դա արդէն կարող է ազդել տոկոսադրոյքի վրայ: Մենք պէտք է հետեւենք զարգացումներին եւ յընթացս հասկանանք, թէ ինչ պէտք է անենք, եթէ կարող ենք անել որոշ բաներ, որոնք կը մեղմեն այդ ազդեցութիւնները», ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ կան Իրանի տարածքով բեռներու տեղափոխութեան հարցեր: Հայկական բեռներու մէկ մասը մնացած է Պանտար Ապպաս նաւահանգիստին մէջ եւ դրացի երկրի ճամբաներուն վրայ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2025, 07:15