Ս. Գրիգորի լոյսէն առաջ՝ Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը գլխաւոր շարժառիթ հայոց քրիստոնէացման
Դժուար է պատկերացնել՝ արդեօ՞ք առանց Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան կ’իրականանար Դ. դարու սկիզբը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ առ այս կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող եղելութեան գլխաւոր շարժառիթը ոչ թէ Գրիգոր Պարթեւի «մուտն ի վիրապ»-ի բանտարկութեան կամ անոր 14 երկար տարիներու ազատազրկումէն ետք «ելն ի վիրապ»-ի իրադարձութիւններն են, այլ միանշանակ փաստն է Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան. պետական անարգ ոճիր մը, որ խղճահարութեամբ կը զգետնէ Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորի նման զօրեղ անձնաւորութիւն մը՝ դարձի գալու եւ, ի վերջոյ, սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակելու պետական պաշտօնական կրօն։
Հայաստան աշխարհի փրկութեան դարձի պատմութիւնը մագաղաթին յանձնած հայ գրականութեան ոսկեդարու պատմիչ Ագաթանգեղոս կը վկայէ, որ ինչքան պատկառանքով ու խորազգած զգացումներով կ’արտայայտուի սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ նահատակ 32 կոյսերուն մասին, եւ բոլորովին պատահական չէ, որ ան Ս. Էջմիածնի կաթողիկէն կառուցելէ ետք իսկոյն կը ձեռնարկէ կոյսերու նահատակութեան վայրերուն եւ անոնց աճիւններուն վրայ կերտելու անոնց լուսապսակ յիշատակին ձօնուած վկայարանները՝ սբ. Հռիփսիմէ, սբ. Գայիանէ եւ սբ. Շողակաթ անուններով։
Աստուածաբանութեան կամ քրիստոնէական վարդապետութեան սկիզբը գերազանցապէս Աստուած-Մարդեղութեան խորհուրդը կը կազմէ։ Յովհաննէս աւետարանիչ իր աւետարանը փառահեղօրէն կը սկսի «Ի սկզբանէ էր Բանն… Եւ Բանն մարմին եղեւ, եւ բնակեաց ի մեզ» վկայութեամբ։ Համատես աւետարանիչներ՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս, նոյնպէս կը հաղորդեն սբ. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Աւետման պատմութիւնը՝ վկայելով անոր անարատ յղութիւնը աստուածային հրաշագործ միջամտութեամբ։ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան ամբողջ պատմութեան մէջ չկան աւելի մեծ աստուածաբաններ քան աւետարանիչներն ու քրիստոնէութեան այն հզօր ներկայացուցիչները, որոնց գործերը եւ թուղթերը բաղկացուցիչ մասերն են բովանդակ Նոր Կտակարանին։
Տրդատ Գ. Մեծ, Աշխէն թագուհի
եւ Խոսրովադուտ կոյս, որմնանկար՝
Ախթալայի վանք, 1205–1215 թթ.։
Անդրադառնալով Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին՝ Ս. Աւետարանը չի խօսիր Բանն Աստուծոյ բացառաբար այր կամ կին ըլլալու, այլ մա՛րդ դառնալու, այլ խօսքով՝ մարդանալու մասին։ Իսկ մարդ հասկացութեան մէջ կ’ընկալուի միաժամանակ կինը՝ ինչպէս այրը, նոյնպէս եւ կինը մա՛րդ է կատարեալ։
«Մեր գործած մեծագոյն մեղքերէն մէկը Եկեղեցիին «առնականացումն է», ըսաւ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը 2023 թուականի նոյեմբերին՝ Վատիկանի մէջ գումարուած եկեղեցական խորհրդաժողովին ժամանակ։ Այդ ուղերձին մէջ ան շեշտած է նաեւ՝ ընդգծելով. «Եթե մենք չհասկնանք, թէ ի՞նչ է կանացի աստուածաբանութիւնը, երբեք չենք հասկանար, թէ ի՞նչ է եկեղեցին»։
Նոր Կտակարանի յունարէն բնագրին մէջ եկեղեցի ἐκκλησία բառը քերականօրէն իգական սեռին կը պատկանի։ Նաեւ մայրենիին մէջ մենք մայր եկեղեցի կ’անուանենք, իսկ մեր դաւանակիցները քոյր եկեղեցիներ կը կոչենք։ Բայց հակառակ այս իրողութեան, կինը Եկեղեցւոյ մէջ զուրկ է պատասխանատու եւ բարձրաստիճան պաշտօններ ստանձնելէ։ Այր մարդոց հետ ան Եկեղեցւոյ անդամներու բովանդակ թիւին՝ այսպէս կոչուած հաւատացելոց դասուն գուցէ աւելի քան կէսը կը կազմէ, սակայն այս կէսը ծիսական-ծառայական պաշտօններ զբաղեցնելու իմաստով կը յատկանշուի մեծ բացակայութեամբ։
Նախանցեալ տարուան նոյեմբեր, իսկ անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամիսներուն Ֆրանչիսկոս պապի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մէջ գումարուեցան Եկեղեցւոյ արդի կեանքին համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող խորհրդաժողովներ՝ նպատակ ունենալով Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիին տալու «սինոտալ» կամ ժողովական վարչաձեւ մը։ Այս խորհրդաժողովներու ընթացքին քննարկուող բազմաթիւ նիւթերու շարքին մեծ տեղ կը գրաւէին Եկեղեցւոյ կեանքին եւ պատասխանատու պաշտօններու մէջ կանանց ներգրաւուածութեան վերաբերեալ հարցերը։ Այս առթիւ նշանակուեցան իրարմէ անկախ երկու յանձնախումբեր, որոնց պարտականութիւնն է ուսումնասիրել՝ արդեօ՞ք Կաթոլիկ եկեղեցին նուիրապետական առումով երբեւէ ունեցած է կին հոգեւոր սպասաւորուհիներ, թէ՞ ոչ։ Համոզուած եմ, որ ինչ ալ ըլլայ այս յանձնախումբերու ուսումնասիրութեանց արդիւնքը, Կաթոլիկ եկեղեցին վաղ թէ ուշ ընթացք պիտի տայ կանանց ներգրաւուածութեան Եկեղեցւոյ նուիրապետական պաշտօններուն մէջ։
Մարիամ Աստուածածին սբ. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին կը յանձնէ Քրիստոսի ծառայութեան լուծը՝ ուրարը։ Դադիվանքի հարաւային պատին վրայ պատկերուած որմնանկար, Արցախ, 1297 թ.։
Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները, որոնք ստոյգ մինչեւ ԺԱ. դար կիրառած են սարկաւագուհիներ ձեռնադրելու աւանդութիւնը, այդ դարաշրջանէն ետք, ինչ-ինչ պատճառներով, ուղղակի անուշադրութեան մատնած են զայն։ Պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ հանրածանօթ սարկաւագուհիներու անուններ՝ Յովհաննէս Ոսկեբերանի բարեկամուհի՝ Ողիմպասը, Բարսեղ Կեսարացիի քոյրը՝ Մագրինան, Գրիգոր Նիւսացիի կինը՝ Թէոսեպիան, եւ ուրիշ շատեր եղած են ձեռնադրուած սարկաւագուհիներ, որոնք իրենց ծիսական եւ վարչական անգնահատելի ծառայութիւնները մատուցած են բիւզանդական կրօնական միջավայրին։
Թէեւ 1988 թուականի Համաուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողովը կանանց ձեռնադրութեան առնչութեամբ առարկայական քայլերու չձեռնարկեց, սակայն միւս կողմէ յայտարարեց, որ աստուածաբանական եւ եկեղեցական արգելքներ գոյութիւն չունին վերականգնել կարենալու համար սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան ուղղափառ աւանդութիւնը։
Արդարեւ, 2 մայիս 2024 թուականին, Անժելիք Մոլենը սարկաւագուհի ձեռնադրուեցաւ Զիմպապուէի մայրաքաղաք Հարարէի օրթոտոքս եկեղեցիին մէջ: Յաջորդող քանի մը օրերու ընթացքին Սերաֆիմ մետրոպոլիտը անոր աւագ սարկաւագութեան կոչում շնորհեց՝ տալով անոր լրացուցիչ «Ֆիպէ» անունը՝ ի պատիւ Եկեղեցւոյ առաջին սրբուհի սարկաւագուհիին, որուն մասին կը յիշատակէ Պօղոս առաքեալ իր Հռովմէացւոց թուղթին մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ձեզի կը յանձնարարեմ Փիբէն՝ մեր քոյրը, որ սպասաւորն է Կենքրացիներու եկեղեցիին»:
Ի տարբերութիւն առաքելահաստատ այլ եկեղեցիներու՝ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին քրիստոնէական նախնական եկեղեցւոյ կեանքէն իւրացուցած է եզակի աւանդ մը եւ զայն պահելով իր ծոցին մէջ՝ հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Եթէ ոչ քահանայագործելու իշխանութիւն, ապա ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկեղեցւոյ նուիրապետական եռաստիճան կարգէն առաջինը՝ սարկաւագութեան աստիճանը։ Սոյնը առանձնայատուկ տուչութեամբ միանշանակ կը լիազօրէ սարկաւագուհին եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու հետ միասին Տիրոջ Եկեղեցիին եւ անոր հաւատաւոր հօտին ծառայելու։
Բացի Սիւնեաց աշխարհի կուսանաց բազմաթիւ վանքերէն, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին տարբեր ժամանակներուն հաստատուած միանձնուհիներու եկեղեցապատկան հաստատութիւններէն, Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ եւ Թիֆլիսի մեծահամբաւ Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքերէն, ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն նաեւ Լեհաստանի մէջ ունեցած ենք «Հայազգի բարեպաշտ տիկնանց» եւ «Ս. Հռիփսիմեանց» կուսանաց միաբանութիւնները։ Այս առնչութեամբ առանձնակի կարեւորութիւն պէտք է ընծայել Մարիա Պօղոսովնա անունով միանձնուհիին, որ սարկաւագուհի կը ձեռնադրուի 1653 թուականին ուղղակի Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի կաթողիկոսէն, երբ ան Երուսաղէմէն վերադարձի ճանապարհին Կ.Պոլիս կը գտնուէր, հուսկ վերադառնալու համար Ս. Էջմիածին։ Անկարելի է պատկերացնել նման ձեռնադրութեան մը իրականացումը, եթէ երբեք Աղբակեցիի նման Հայ եկեղեցւոյ «կարգաց եւ կանոնաց» ամենայն նախանձայուզութեամբ փարած, հաւատարիմ ու պահպանողական կաթողիկոս մը ամբողջապէս համոզուած չըլլար Հայ եկեղեցիէն ներս դարէ ի դար նուիրագործուած սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան աւանդոյթին։
Նախնական եկեղեցիի սրբազան ակունքէն ժառանգելով մեր մայր եւ սուրբ Եկեղեցին իր ծիսական գանձարանին մէջ աւանդած է առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունեցող կանոն մը, որ կը կոչուի «Ձեռնադրութիւն սարկաւագ կանանց, որք են սարկաւագուհիք»։ Սոյնը կ’աւանդուի ԺԳ. դարու հնագոյն ձեռագրերէն քանի մը օրինակումներուն շնորհիւ, ապա հետագայ դարերուն օրինակուած բազմաթիւ ծիսարան մաշտոցներու մէջ, որոնք ցայսօր կը պահպանուին հայրենիքի եւ հայաշխարհի զանազան մատենադարաններու լուսաձիր յարկին տակ։ Կանայք սարկաւագուհի ձեռնադրելու այս կանոնին գոյութիւնը արդէն ԺԳ. Դարէն միանշանակ կը վկայէ, որ սոյնը պէտք է ունեցած ըլլայ աւելի վաղ աւանդութիւն մը, եւ մեր «Ձեռնադրութեան մաշտոց»-ին մէջ ներառուած ըլլայ նոյնիսկ Թ. դարուն, «Ծիսարան մաշտոց»-ի առաջին կազմութեան՝ Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոսի օրօք։ Այսպէս, Հայ եկեղեցին փաստացիօրէն եզակի եւ անզուգական լայնախոհութիւն մը կը ցուցաբերէ նաեւ կանանց նուիրապետական աստիճան շնորհելու հարցին մէջ՝ անքակտելիօրէն միացած ըլլալով նախնական եկեղեցւոյ առաքելաշաւիղ աւանդութեան։
Անմնացորդ հիացմունք կ’առթեն ձեռնադրութեան աղօթքին հետեւեալ խօսքերը, որոնք աւելի քան երբեք ունին այժմէական հնչեղութիւն մը.
«Միածնիդ մարդեղութեամբ սրբութեամբ հաւասարեցուցիր արուն եւ էգը, ինչպէս ընդունելի էր Քեզի՝ ոչ միայն տղամարդոց, այլեւ կանանց տալ Սուրբ Հոգիին շնորհները»։
Ամբողջական ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել գրաբար բնօրինակին մէջ դրսեւորուած «հաւասարեցուցեր» (հաւասարեցուցիր) բառին վրայ, որ Ի. դարուն Եւրոպայի մէջ սկիզբ առած ֆեմինիստական շարժումէն առնուազն հազարամեակ մը առաջ Հայ եկեղեցին իր այս ձեռնադրութեան կանոնով կ’ամրագրէ այր մարդոց հետ կանանց իրաւահաւասարութեան իրաւունքը։
Արդարեւ, կատարուած արարողութիւնը լիարժէք ձեռնադրութիւն մըն է եւ ոչ թէ լոկ օրհնութեան սովորական կարգ մը։ Ներկայացուած խորապատկերին վրայ հաստատուած է Քրիստոսէ շնորհուած եւ առաքեալներէ գործադրուած ձեռնադրութեան խորհուրդը, որ միանգամայն նորկտակարանեան հիմքեր ունի, զորօրինակ Գործք առաքելոց գիրքին մէջ եօթ սարկաւագներու, Անտիոքի մէջ Բառնաբասի ու Սաւղոսի ձեռնադրութիւնները, նաեւ Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղուած Ա. եւ Բ. թուղթերուն մէջ անդրադարձը ձեռնադրութեամբ անոր շնորհուած պաշտօնին մասին։
Իրօք, այս այն խորհուրդն է, որ նախնական եկեղեցիին օրերէն սկսեալ անընդմէջ փոխանցուած է ու միշտ կը փոխանցուի իւրաքանչիւր ձեռնադրութեան կամ օծման արարողութեան առթիւ։ Այս այն ուղին է, որով Եկեղեցին կը պահպանէ քրիստոսաւանդ իր առաքելական ծառայութեան պաշտօնը եւ իշխանութիւնը մինչեւ օրս։ Հետեւաբար կատարուածը Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն՝ ձեռնադրութեան խորհուրդի լիարժէք իրականացումն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ կանանց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ հովուական եւ ծիսական որոշակի ծառայութիւններ իրականացնելու։
Այսօրուան վիճակով՝ Հայ եկեղեցիէն ներս Թեհրանի մէջ կը գործէ ընդամէնը սարկաւագուհի մը՝ բարշ. Անի-Քրիստի Մանուէլեան անունով, իսկ կիսասարկաւագուհի մը Կ.Պոլսոյ մէջ՝ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան անունով։ Հազար ափսոս, եւ մի՛ լիցի երբեք, եթէ Հայ եկեղեցիէն ներս չարաբաստիկ օր մը վերջ գտնէ Հայ եկեղեցիին յատուկ այս հնաւանդ եւ սրբակրօն աւանդութիւնը։ Հետեւաբար հարկաւոր է ջանք չխնայել վերականգնեու եւ վերապրեցնելու համար զայն։ Արդարեւ, մեր Եկեղեցին ունի այդ հնարաւորութիւնները, եթէ միաժամանակ այս ուղղութեամբ դրսեւորուի համապատասխան պատրաստակամութիւն, եւ եկեղեցական վերադասին պատկանող որոշ կղերականներ հրաժարին իրենց ժամանակավրէպ ու խունացած, նաեւ Եկեղեցւոյ յառաջընթացը խանգարող կարծրատիպերէն։
Երեւան, 29 մայիս 2025
օն Համբարձման եառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
1 Հմմտ. Յովհ. Ա. 1, 14։
2 Տե՛ս Carrie Frederic Frost, Schritte zur Wiederbelebung des Frauendiakonats in der Orthodoxie, Religion und Gesellschaft, 5, 2025, էջ 7–9։
3 Հմմտ. Հռոմ. ԺԶ, 1-2։
4 Գործք. Զ, 5-6։
5 Գործք. ԺԳ, 2-3։
6 Ա. Տիմ., Դ. 14 եւ Բ. Տիմ., Ա, 6։
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ