MAP

Այսօր Պոլսոյ մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւններ Այսօր Պոլսոյ մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւններ  (ANSA)

Այսօր Պոլսոյ մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւններ

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիթ Քելլոկ շաբաթ օր «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը խաղաղ ճամբով պիտի աւարտի, եւ նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխուժօրէն կ՛աշխատի ատոր վրայ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռուսթամ Ամերովի գլխաւորութեամբ ուքրանական պատուիրակութիւն մը այսօր Պոլիս պիտի գտնուի` Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ կատարելու:

«Նաեւ Պոլսոյ մէջ ժողովէն առաջ մեր դիրքորոշումը ճշդեցի», նշեց Զելենսքի` աւելցնելով, որ իր երկրին պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Ամերովը, ճիշդ ինչպէս մայիսին բանակցութիւններու առաջին փուլին էր:

Ուքրանիոյ նախագահը ըսաւ, որ իր երկրին համար առաջնահերթութիւնը «ամբողջական եւ առանց նախապայմաններու զինադադար»-ի հասնիլն է, ինչպէս նաեւ վերադարձը գերիներուն եւ ուքրանացի մանուկներուն, որոնց առեւանգման մէջ Մոսկուային կ՛ամբաստանէ Քիեւը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին մէջբերելով աղբիւր մը հաղորդեց. «(Ռուսական) բանակցութեան խումբը մեկնեցաւ Պոլիս»:

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիթ Քելլոկ շաբաթ օր «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը խաղաղ ճամբով պիտի աւարտի, եւ նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխուժօրէն կ՛աշխատի ատոր վրայ:

Քելլոկ պնդեց, որ եթէ կայ ոեւէ մէկը, որ կրնայ ատիկա ընել, ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 09:40