Մինչ Իրան-Իսրայէլ փոխադարձ բուռն յարձակումները 3-րդ որն ըլլալով շարունակուեցան. Թրամփ. «Իրանն ու Իսրայէլը պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն»
Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ բուռն յարձակումները երէկ 3-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Իրան երէկ արշալոյսին հրթիռային հարուած մը հասցուց Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Ռահուոթ քաղաքին մէջ «Ուայզման» գիտական հիմնարկին, որ Իսրայէլի մէջ հետազօտական ու գիտական ամէնէն ականաւոր կեդրոններէն մէկն է եւ ծանօթ է իբրեւ «Իսրայէլի հիւլէական միտքը»:
Յարձակումին պատճառով մեծապէս վնասուեցան աշխարհի վրայ գիտական ամէնէն ականաւոր հաստատութիւններէն մէկը նկատուող եւ իսրայէլեան բանակին մասնաւորաբար արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ յառաջադէմ հետազօտական ծառայութիւններ մատուցող հիմնարկի հետազօտական տարրալուծարանները եւ հիմնարկի ենթակառոյցը, ինչպէս նաեւ մեծ հրդեհ մը յառաջացաւ:
Իրանեան յարձակումը նաեւ մեծ վնասներ պատճառեց Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Պաթ Եամի մէջ, ուր արձանագրուեցան 6 զոհեր եւ 200 վիրաւորներ: Իրան նաեւ իսրայէլեան երկու ռմբաձիգներ վար առաւ եւ գերեվարեց անոնցմէ մէկուն օդաչուն:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրան հրթիռակոծած է Խտէյրայի ելեկտրակայանն ու Գալիլիոյ շրջանի Կեսարիա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բնակարանը:
Իրանեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ մը յայտարարեց. «Ժամանակն է Իսրայէլի մէջ Տեմոնա հիւլէական կայանին վրայ յարձակում գործելու»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակում գործելով միջազգային կարմիր գիծերը անցաւ: «Պիտի շարունակենք իւրանիոմը 60 առ հարիւրէն աւելի հարստացնել» յայտարարեց Արաղչի:
Իրանի կառավարութեան բանբերը նշեց. «Իսրայէլին մեր հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մեր զինեալ ուժերը զայն անհրաժեշտ կը նկատեն»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան շաբաթ օր յայտարարեց. «Եթէ իսրայէլեան յարձակումները շարունակուին, հիւլէական թղթածրարին շուրջ պիտի չբանակցինք»:
Փեզեշքիան Իրաքի նախագահ Ապտելլաթիֆ Ռաշիտի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ալ շեշտեց. «Եթէ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները շարունակուին, ապա իրանեան հակադարձութիւնը աւելի ցաւալի եւ խիստ պիտի դառնայ»:
«Իրանի վրայ յարձակում գործելու համար իրաքեան օդային տարածքի ոտնահարումը իսրայէլեան գոյացութեան ոճրագործութեան եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարման բացայայտ փաստ է», ըսաւ Փեզեշքիան:
«Իրաքը պէտք է իր սահմաններուն եւ օդային տարածքին նկատմամբ աւելի զգուշ ըլլայ», աւելցուց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ Թեհրան Կիպրոսի ճամբով պատգամ յղած է Իսրայէլին: «Իրան Իսրայէլին որեւէ պետութեան ճամբով որեւէ պատգամ չուղարկեց», յայտարարեց ան:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակի բանբեր մը երէկ իրանցիները զգուշացուց, որ պէտք է հեռանան հիւլէական կայաններուն մօտ գտնուող շրջաններէն:
Իսրայէլ իր կարգին հարուածեց շարք մը վայրեր, ներառեալ հիւլէական կառոյցներ, որոնց շարքին Իսֆահանի մէջ Նաթանզ հիւլէական կայանը, եւ յայտարարեց, որ քանդած է մետաղեայ իւրանիոմի արտադրութեան շէնքը եւ իւրանիոմի առնչուած ենթակառոյցներ ու տարրալուծարաններ:
Իսրայէլ յարձակումներ գործեց Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի վրայ: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Շիրազ քաղաքին վրայ: Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ կը դնեն Թեհրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ յարձակում գործած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան, հիւլէական զէնքերու մշակման եւ վառելանիւթի պահեստանոցներուն վրայ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ռմբաձիգները յարձակում գործած են Թեհրանի մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերուն եւ Յեղափոխական պահակագունդի շէնքերուն վրայ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, արեւմտեան Իրանի մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերուն հասցուած ծանր հարուածէն ետք իսրայէլեան օդուժի օդանաւերը աւելի ազատօրէն կը գործեն այդ շրջանին եւ Թեհրանի վերեւ:
Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի մինչեւ «հիւլէական սպառնալիքի» վերացումը: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլ գոյութենական ճակատամարտ կը մղէ, «եւ կը կարծեմ, թէ Իսրայէլի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի ատոր կը գիտակցի»:
«Իրան շատ սուղ գին պիտի վճարէ քաղաքայինները, կիներն ու մանուկները սպաննելուն համար», նշեց Նեթանիահու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Թեհրանի ճակատագիրը Պէյրութի ճակատագիրին նման պիտի ըլլայ»:
«Իրանցի բռնատէրը Թեհրանը Պէյրութի կը վերածէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Խամենէին Թեհրանի բնակիչները իր վարչակարգի պահպանման համար պատանդներու կը վերածէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ զգուշացուց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի կողմէ որեւէ ձեւի յարձակումի ենթարկուին, ապա ամերիկեան ուժերը առաւելագոյն ուժով եւ աննախադէպ մակարդակով պիտի հակադարձեն:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ իր երկիրը Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետ որեւէ կապ չունի:
Անդրադառնալով Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, որ կարելի է Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւրութեամբ համաձայնութիւն գոյացնել եւ վերջ տալ այս տագնապին:
Թրամփ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն պէս կ՛ուզէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմին վերջ տալ:
Քրեմլին իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփի հետ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը նշած է, թէ Մոսկուան պատրաստ է Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ աւելի ուշ նշեց. «Իրանն ու Իսրայէլը պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն, եւ մօտ օրէն անոնց միջեւ խաղաղութեան պիտի հասնինք»:
«Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն պիտի գոյացնեմ, ճիշդ ինչպէս ըրի Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի հետ», յայտարարեց ան:
«Այժմ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար շարք մը հաղորդակցութիւններ եւ ժողովներ կը գումարուին», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Միջին Արեւելքը անգամ մը եւս մեծ դարձուցէք», ըսաւ Թրամփ:
Ան, սակայն, «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կրնանք միջամտել իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերջ տալու համար Իսրայէլին օգնելով»:
«Իրանին Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութեան սեղան նստելու վերջնական ժամկէտ չկայ»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը Թրամփի` Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութենէն ետք նշեց. «Ներկայիս Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատման շօշափելի առաջարկ գոյութիւն չունի»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ