MAP

Իրան-Իսրայէլ պատերազմ Իրան-Իսրայէլ պատերազմ  (ANSA)

Իրան-Իսրայէլ պատերազմը 4-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը ականատեսներու վկայութիւններ մէջբերելով հաղորդեց, որ Մեծն Թել Աւիւի մէջ քանդումը հսկայական է: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ իրանեան կարգ մը յարձակումներ թիրախաւորած են իսրայէլեան զինուորական դիրքեր եւ քաղաքներուն մէջ գտնուող ենթակառոյցներ:

8 զոհեր եւ աւելի քան 287 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իրանեան հրթիռներ երէկ կանուխ առաւօտուն ինկան կեդրոնական Իսրայէլի վրայ: Իրանի արձակած հրթիռներէն քանի մը հատը յաջողեցան ճեղքել իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ Թել Աւիւի ու Հայֆայի մէջ դիրքեր հարուածելով մեծ վնասներ պատճառել: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, օդային պաշտպանութեան համակարգերը ձախողած են վնասազերծել Իրանէն արձակուած 10 հրթիռներ:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը ականատեսներու վկայութիւններ մէջբերելով հաղորդեց, որ Մեծն Թել Աւիւի մէջ քանդումը հսկայական է: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ իրանեան կարգ մը յարձակումներ թիրախաւորած են իսրայէլեան զինուորական դիրքեր եւ քաղաքներուն մէջ գտնուող ենթակառոյցներ:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Թել Աւիւի շրջանին մէջ շէնք մը ուղղակի հարուած ստանալով փուլ եկած է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իրանեան հրթիռ մը ուղղակի կերպով հարուածած է Պթահ Թիքվայի մէջ ապաստանարան մը` սպաննելով 3 իսրայէլացիներ: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, մէջբերելով իսրայէլեան շտապ օգնութենէն բանբեր մը, գրեց, որ ապաստանարանները կրնան իրանեան հրթիռներուն դիմաց չտոկալ:

Իրան հարուածեց Հայֆայի մէջ քիմիական նիւթերու «Պազան» զտարանի համալիրը, որ օրական 10 միլիոն թոն հում քարիւղ կը զտէ եւ Եւրոպային քարիւղ ու ուժանիւթ կը մատակարարէ: «Պազան» զտարանը Իսրայէլի մէջ մեծագոյնն է, եւ օրական 200 հազար տակառ քարիւղ կ՛արտադրէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իրան պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ 11 յարձակումներ գործած է, որոնց ընթացքին արձակած է 370 հրթիռներ եւ աւելի քան 100 անօդաչու թռչող սարքեր:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի յայտնեց, որ Թել Աւիւի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը թեթեւ վնասներ կրած է, երբ անոր մօտ հրթիռ մը ինկած է:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ Թեհրանի բնակչութիւնը շուտով իրանեան վերջին յարձակումին գինը պիտի վճարէ:

«Իսրայէլեան քաղաքային դիրքերու վրայ Իրանի յարձակումին նպատակը իր կարողութիւնները տապալող իսրայէլեան բանակը իր յարձակումները շարունակելէ ետ կանգնեցնելն է», ըսաւ ան:

«Թեհրանի մէջ ամբարտաւան բռնապետը վերածուեցաւ վախկոտ մարդասպանի մը, որ դիտաւորեալ կերպով կրակ կը բանայ քաղաքային ներքին ճակատին վրայ», յայտնեց Քաց:

Իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Իրանի հիւսիս- արեւելքը գտնուող Մաշհատ քաղաքի օդակայանը ռմբակոծեց եւ յայտնեց, որ հարուածած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հիւլէական զէնքերու զարգացման կառոյցներ եւ Թեհրանի մէջ վառելանիւթի պահեստանոց մը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով երէկ սպաննուած է պահակագունդի տեղեկահաւաքի ծառայութեան ղեկավար Մոհամետ Քազիմին եւ անոր գործընկերներէն երկուքը:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ապատի իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ դիտաւորեալ կերպով յարձակում գործած է արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին վրայ` նշելով, որ այդ արարքը պատերազմական ոճիր է: Ան աւելցուց, որ յարձակումին պատճառով դեսպանատան երկու քաղաքային պաշտօնեաներ վիրաւորուած են:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նշեց. «Մենք նախայարձակ չենք, եւ աւելի քան երբեք սիոնական յարձակումին դիմաց ներքին միասնականութեան կը կարօտինք»:

«Սիոնական գոյացութիւնը պիտի չկարենայ սպանութեամբ եւ ահաբեկումով մեզ պարտութեան մատնել, եւ մեր ուժերը այդ վախկոտներուն դէմ կը կանգնին», ըսաւ Իրանի նախագահը:

«Գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքականութեան հիմամբ, հիւլէական զէնք ձեռք բերելու չենք ձգտիր, եւ ասիկա մեր մօտ հաստատ համոզում է», նշեց Փեզեշքիան` աւելցնելով. «Մենք չէինք, որ բանակցութիւնները լքեցինք, եւ այն, ինչ որ կը պահանջենք, մեր օրինական իրաւունքն է»:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի խլելու մեր իրաւունքը` օգտուելու հիւլէական ուժանիւթէն ու հետազօտութիւններէն, որոնք մեր ժողովուրդի շահերէն կը բխին», յայտնեց ան` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներ խուլիկանութիւն կը կատարեն եւ Իսրայէլին մեր վրայ յարձակում գործել արտօնելով միջազգային օրէնքները կը խախտեն»:

«Ուժեղ կերպով կը տոկանք եւ ոչինչէ կը վախնանք: Մեր ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղենք` համբերելու տագնապներուն, զորս մեզի կը պարտադրէ վայրագ գոյացութիւնը», ըսաւ Իրանի նախագահը:

«Ճնշելու չենք ձգտիր, եւ Իսրայէլն է, որ կը ձգտի իսլամները մէկը միւսին ետեւէն հարուածել եւ անոնց իր ցուցմունքները պարտադրել», նշեց Փեզեշքիան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին մեր երկրին վրայ յարձակումին, եւ եւրոպական պետութիւններու դիրքորոշումները միակողմանի են եւ ի նպաստ Իսրայէլին»:

«Ուաշինկթընի եւ Եւրոպայի իսրայէլեան յարձակումը քաջալերելը պատմական սխալ է եւ կրնայ աշխարհի վրայ մեծ հետեւանքներ ունենալ», նշեց ան:

«Կը յուսանք, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կառավարիչներու ժողովը կը դատապարտէ մեր հիւլէական կառոյցներուն վրայ կատարուած յարձակումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի մեր հիւլէական կառոյցներուն վրայ կատարած յարձակումը չդատապարտելը յարձակումի քաջալերանք է»:

«Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական պետութիւնները արգելք կը հանդիսանան, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իսրայէլեան յարձակումին դէմ քայլ որդեգրէ», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Եթէ իսրայէլեան յարձակումը դադրի, դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններու վերականգնման ենթահող պիտի պատրաստենք», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Հաղորդակցութիւններէն լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Իրան միջնորդներ Քաթարի եւ Օմանի փոխանցած է, թէ պատրաստ չէ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններ կատարելու, երբ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումի կ՛ենթարկուի:

Ան նշած է, թէ իրանցիները միջնորդներուն ըսած են. «Նոր բանակցութիւններ պիտի չըլլան, նախքան որ Իրան ամբողջացնէ Իսրայէլի շղթայազերծած կանխարգելիչ հարուածներուն իր հակադարձութիւնը»:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Թեհրան շեշտած է, թէ «պիտի չընդունի զինուորական յարձակումներու ճնշումին տակ բանակցիլ»: Ան նաեւ հերքած է կարգ մը տեղեկատուութիւնները, թէ Իրան Քաթարէն ու Օմանէն խնդրած է Միացեալ Նահանգներու մօտ միջնորդել հիւլէական բանակցութիւնները շարունակելու եւ զինադադար հաստատելու` նշելով, որ այդ լուրը «ճիշդ չէ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ կէսօրէ ետք յայտնեց. «Կ՛ուղղուինք դէպի իրագործումը մեր երկու գլխաւոր նպատակներուն` հիւլէական սպառնալիքին վերջ տալուն եւ հրթիռային սպառնալիքին վերջ տալուն»:

«Իսրայէլեան օդուժը Թեհրանի օդային տարածքին կը տիրէ», ըսաւ ան:

«Թեհրանի բնակիչները պէտք է զայն լքեն, որովհետեւ անհրաժեշտ քայլերը պիտի որդեգրենք», զգուշացուց Նեթանիահու:

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք կեդրոնական Թեհրանի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է զայն լքեն:

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը Թեհրանը դատարկելու իսրայէլեան զգուշացումներուն հակադարձելով Թել Աւիւի բնակչութեան եբրայերէնով շտապ զգուշացում մը յղեց. «Ձեր ապահովութեան ու անվտանգութեան համար անմիջապէս քաղաքէն հեռացէ՛ք, եւ երբեք այնտեղ մի՛ վերադառնաք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Իրան ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքի ծիրին մէջ կը գործէ, եւ Մոսկուան Թեհրանի խնդիրը կը քննարկէ Ուաշինկթընի հետ»:

Միւս կողմէ, Եօթներու խմբակը իր ժողովի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը կոչ ուղղելով հանդարտեցնել տագնապը եւ խուսափելու շրջանային կայունութեան վնաս հասցնելէ:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, իսկ Իրան երբեք չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ ստորագրած Իսրայէլի եւ Իրանին յատուկ հաղորդագրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան այս պատերազմին մէջ պիտի չյաղթէ եւ պէտք է ուշ ըլլալէն առաջ բանակցութիւններու ձեռնարկէ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ շատ լաւ արդիւնքի կը հասնի, եւ անոր մեծաթիւ աջակցութիւն տրամադրեցինք»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2025, 09:15