ԱՄԿ եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ. Ամբողջ աշխարհի մէջ 138 միլիոն մանուկներ եւ դեռահասներ տակաւին մանկական աշխատանքի զոհ են
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
2000էն 2024ը մանկական աշխատանքը կրճատուած է գրեթէ երկու անգամ՝ 246 միլիոնէն հասնելով 138 միլիոնի, որմէ շուրջ 54 միլիոն մանուկներ ու դեռահասներ ներգրաւուած են վտանգաւոր աշխատանքի մէջ։ Գիւղատնտեսութիւնը՝ 61 առ հարիւրով, կը շարունակէ մնալ ամենամեծ ոլորտը։
Այս տուեալները ընդգրկուած էն «Մանկական աշխատանք. Համաշխարհային գնահատականներ 2024, միտումներ եւ հեռանկարներ» զեկոյցին մէջ, որ հրապարակուած է Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան (ԱՄԿ) եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖի կողմէ երեկ՝ 11 Յունիսին, Մանկական աշխատանքի դէմ պայքարի համաշխարհային օրուայ նախօրէին եւ Խաղի Միջազգային օրուայ առիթով։
Ըստ Զեկոյցի, ամենաշատ նուազումը նկատուած է Ասիոյ եւ Խաղաղ-ովկիանոսեան տարածաշրջաններուն մէջ՝ 6 առ հարիւրէն հասնելով մինչեւ 3 առ հարիւր (49 միլիոնէն մինչեւ 28 միլիոն երեխաներ եւ դեռահասներ): Մինչ Լատին Ամերիկայի եւ Կարաիբեան Աւազանի մէջ մանկական աշխատանքի տարածուածութիւնը 8 միլիոնէն նուազած է մինչեւ 7 միլիոնի։ Ամենածանր բեռը կը շարունակէ կրել Ենթա Սահարեան Ափրիկէն, ուր ճիշտ է նոյնպէս նուազում գրանցուած է (24 առ հարիւրէն հասնելով մինչեւ 22 առ հարիւր), սակայն մանուկներու գրեթէ երկու երրորդը՝ 87 միլիոնը, տակաւին ներգրաւուած է մանկական աշխատանքի մէջ: Պատճառներն են՝ բնակչութեան աճը, հակամարտութիւնները, ծայրայեղ աղքատութիւնը եւ ընկերային պաշտպանութեան համակարգերու թուլացումը:
Չնայած յառաջընթացին՝ աշխարհը չէ հասած մինչեւ 2025 թուականը մանկական աշխատանքը վերացնելու նպատակին
Չնայած գրանցուած յառաջընթացին՝ աշխարհը չէ կրցած հասնել մինչեւ 2025 թուականը մանկական աշխատանքը վերացնելու իր առջեւ դրուած նպատակին ու 138 միլիոն երեխաներ եւ դեռահասներ տակաւին զրկուած են սորվելու, խաղալու եւ պարզապէս երեխայ ըլլալու իրաւունքէն, իսկ անոնցմէ շուրջ 54 միլիոնը ներգրաւուած վտանգաւոր աշխատանքի մէջ, որ կը սպառնայ անոնց առողջութեան, անվտանգութեան կամ զարգացման:
Վերջին չորս տարիներու նուազման դրական միտումը շարունակելու նպատակով, ԱՄԿ եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖը կը նախազգուշացնեն, որ անհրաժեշտ են աւելի կայուն եւ զգալի դրամական յատկացումներ, ինչպէս ընդհանրական, այնպէս ալ ազգային մակարդակով, ինչը կ’օգնէ մէկ կողմէ կրթութիւն, ընկերային պաշտպանութիւն, ապրուստի միջոցներ ապահովել մանուկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնք յաճախ ստիպուած են աշխատցնել իրենց զաւակները, միւս կողմէ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ տուեալներու հաւաքագրմամբ դիւրացնելու խնդիրի բացայայտումն ու լուծումը։
Այդ նպատակով ԵՈՒՆԻՍԵՖը եւ ԱՄԿը կառավարութիւններուն կոչ կ՚ուղղեն․
o ներդրումներ կատարել անապահով ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութեան համար,
o հզօրացնել մանուկներու պաշտպանութեան համակարգերը
o ապահովել որակեալ կրթութեան հասանելիութիւն,
o ապահովել արժանապատիւ աշխատանք մեծահասակներուն եւ երիտասարդներուն համար
o կիրառել օրէնքներ՝ դադրեցնելու շահագործումը եւ պաշտպանելու երեխաներուն եւ դեռահասներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ