MAP

Պուրճ Համուտ. Ձեռամբ Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ եռամեծ Սուրբերու խճանկարներու օծում Պուրճ Համուտ. Ձեռամբ Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ եռամեծ Սուրբերու խճանկարներու օծում 

Պուրճ Համուտ. Ձեռամբ Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ եռամեծ Սուրբերու խճանկարներու օծում

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ չորս սրբակենցաղ մեծանուն հայերու՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Երանելի Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի խճապատկերներու օծման հանդիսաւոր արարողութիւն

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը հոգեւոր անսահման ուրախութիւն ապրեցաւ այսօր` Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025֊ին ականատես ըլլալով խորհրդաւոր իրադարձութեան մը` չորս սրբակենցաղ մեծանուն հայերու՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Երանելի Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի խճապատկերներու օծման հանդիսաւոր արարողութեան, ձեռամբ՝ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի: Այս Խճապատկերները, որոնք հարստացուցին մեր եկեղեցին, ոչ միայն արուեստի գեղեցիկ գործեր են, այլեւ՝ կենդանի յիշեցումներ մեր ժողովուրդի հոգեւոր վերելքին, հաւատքի անսասանութեան եւ նահատակ ազգի Աստուծմով գոյատեւման վկայութեան։

Իւրաքանչիւր աշխարհահռչակ հայ սուրբ իր ուրոյն տեղը ունի Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ՝ Նարեկացին իր խորիմաստ աղօթքներով, Շնորհալին՝ իր հոգեւոր եւ գրական ժառանգութեամբ, իսկ Մալոյեանն ու Քէօմիւրճեանը՝ իրենց նահատակութեամբ՝ իբրեւ հաւատքի խիզախ վկաներ։

Խճապատկերներու բարերարներն էին՝ Մուրատեան, Նաճարեան, Պոզեան եւ Պօղոս ընտանիքները:

Սուրբ Յիսուսի սրտին նուիրուած այս օրը, Անոր Սուրբ Սրտին մօտիկ սուրբերու պատկերներու օծմամբ, մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է վերանորոգելու հաւատքը, ոգեշնչուելու այս մեծ սուրբերուն նուիրական կեանքերէն, եւ Յիսուսի սրտին հարազատ ու մօտիկ կեանք ապրելու։

Սրբապատկերներու օծման յաջորդեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատուցանեց Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի առընթերակայութեամբ՝ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի եւ Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի, ջերմեռանդութեան մասնակցեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեան, փոխ մեծաւոր Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Զմմառու Դպրեվանքի տեսուչ Հ. Կարապետ Վրդ. Գըլընճեան, Մայրավանքի եկեղեցւոյ լուսարար Հ. Վարդան Վրդ. Ճալուֆ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեան, Զմմառու ժառանգաւորները, պետական, միութենական, հայրենակցական, մշակութային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ, հաստատութիւններու տնօրէններ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին «Յիսուսի Բարեկամ»ները, արարողապետութեամբ` «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի, Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ` Նշան Կիս. Մարաշլեանի։

Պատարագէն ետք, Սուրբ Հաղորդութեան հանդիսաւոր թափօրը շրջեցաւ հայաբնակ Պուրճ Համուտի թաղերը` օրհնելով անոր բնակիչները «Ս. Մեսրոպ»ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» Շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ, Թափօրը եւս աւելիով իր երկիւղը պահեց Յիսուսի Ս. Սրտին կերպարը ներկայացնող արձանն ու Խաչվառը ուսամբարձ շալկած Բարեսիրական Միութեան, Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան եւ Հ.Կ.Մ. Երիտասարդականի անդամ-անդամուհիներու ծառայութեամբ։ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիէն դէպի Պօղոս Արիս պողոտայ հասնելէ ետք, թափօրը թեքուեցաւ դէպի «Սարդարապատ» ակումբին թաղը եւ այնտեղէն ուղղուելով անցաւ Նորք Արաքսէն դէպի Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջափակը:

Մեսրոպեանի բակին մէջտեղ պատրաստուած Ս. Խորանի բազմոցին վրայ զետեղուեցաւ Ս. Հաղորդութիւնը եւ անոր դիմաց երկրպագութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի Ս. Մարմինին:

Ապա Հոգեւորական դասը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, իսկ հաւատացեալները շարունակեցին աղօթքը, որմէ ետք մատաղ բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:

«Յիսուս հեզ եւ խոնարհ սրտիւ, արա՛ զսիրտ մեր ըստ Սրտին Քում»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 07:33