MAP

Քոլորատոյի մէջ բռնութեան գործողութիւն Քոլորատոյի մէջ բռնութեան գործողութիւն  (2025 Getty Images)

Քոլորատոյի մէջ անձ մը «Ազատութի՛ւն Պաղեստինին» բացագանչելով Կազայի մէջ Իսրայէլացի գերիներուն զօրակցութեան երթին վրայ յարձակում գործած է

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի Տենվըրի գրասենեակի յատուկ գործակալի համաձայն, վիրաւորուած վեց քաղաքացիները 67-էն 88 տարեկանի միջեւ են:

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի Պոլտըր քաղաքին մէջ 45 տարեկան տղամարդ մը «Ազատութի՛ւն Պաղեստինին» բացագանչելէ ետք այրող սարքեր նետած է Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներուն զօրակցութեան երթի մասնակիցներուն վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի Տենվըրի գրասենեակի յատուկ գործակալի համաձայն, վիրաւորուած վեց քաղաքացիները 67-էն 88 տարեկանի միջեւ են: Անոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց: Իշխանութիւններուն համաձայն, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի ներկայացուցիչը ըսած է. «Նախնական տուեալներու հիման վրայ ակնյայտ է, որ ասիկա նպատակաուղղուած բռնութեան գործողութիւն է, եւ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը զայն կը քննէ իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւն»:

Ան յայտնած է, որ կասկածելիին անունը Մոհամետ Սոլիման է, որ յարձակումէն ետք հիւանդանոց տեղափոխուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2025, 09:25