Արցախի Հոգեմտաւոր Ժառանգութեանց Նուիրուած Պեռնի Միջազգային Համագումար
Արցախի հոգեւոր, մշակութային ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած, չորեքշաբթի, 28 մայիս 2025-ին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութեան մը հրապարակումով:
Երկու օրերու ընթացքին, պատմական ու քաղաքական դիտանկիւններ, միջկրօնական հայեցակէտեր, միջազգային օրէնսդրութիւն ու վկայութիւններ, հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ անցեալէն յիշատակներ ենթաբաժիններով համագումարին մասնակից հայ թէ օտար աստուածաբաններ, պատմաբաններ ու իրաւաբաններ լուսարձակի տակ բերին Արցախի եւ արցախահայութեան իրավիճակն ու արդար պահանջները եւ կոչ ուղղեցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ եւ այլ եկեղեցիներու Արցախի դատը ծանօթացնելու ու հետապնդելու` գործակցաբար բոլոր այն կառոյցներուն, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ այս կենսական մարզին մէջ:
Յայտնենք, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագումարին մասնակցեցան Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, փրոֆ. Թենի Փիրի Սիմոնեան, Սեդա Խտըշեան, Քարլա Խիժոյեան եւ Մարիօ Նալպանտեան։
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ