MAP

Ստեփանակերտի մէջ հայկական կառոյցներ Ստեփանակերտի մէջ հայկական կառոյցներ 

Ատրպէյճան զանգուածաբար կը քանդէ Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ Հայկական կառոյցները

Ատրպէյճան զանգուածաբար կը քանդէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները, կը յայտնեն տեղւոյն լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճան զանգուածաբար կը քանդէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ կառուցուած հայկական շինութիւնները, կը յայտնեն տեղւոյն լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Իուսուպով յայտարարեց, որ վերոնշեալ տարածքներուն մէջ պիտի քանդուին մեծ թիւով «ինքնակամ» շինութիւնները:

«Այդ կառոյցները զգալի վնաս կը հասցնեն քաղաքներու եւ շրջաններու ճարտարապետական ոճին: Մեծ մասը այդ շէնքերուն, որոնք չեն պատկանած «ատրպէյճանական ճարտարապետական ոճին», «շատ անորակ» էին, այդ պատճառով անոնք կը քանդուին», յայտարարեց Իուսուպով։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2025, 09:30