Կրօնական Ազատութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Արցախի ցեղասպանութիւնը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնաժողովը (USCIRF) իր 5 Յունիսի նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը, հայ ղեկավարներու շարունակուող բանտարկութիւնը, Արցախի հայ քրիստոնեայ բնակչութեան տարրական իրաւունքներուն շարունակուող ոտնահարումները եւ Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերուն քանդումը, որոնց պատասխանատուն՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, կը ջանայ Արցախի հայկական բոլոր հետքերը ջնջել։
«Կրօնական ազատութիւններու կացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» նիւթով քննարկումին ընթացքին, յանձնաժողովի ատենապետ Սթեֆըն Շնեքի եւ անդամներ Վիքի Հարցնլըրի, Մոհամետ Էլսանուսիի եւ Ասիֆ Մահմուտի կողքին, քննարկումին մասնակցեցան շարք մը այլ մասնագէտներ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քննարկումը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած այն առաջարկները, թէ Ատրպէյճան պէտք է շարունակէ մնալ կրօնական ազատութիւններու գծով հսկողութեան տակ եղող երկրներու ցանկին վրայ:
Յանձնաժողովը նաեւ Ուաշինկթընին կոչ ըրաւ՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու, շրջանը միջազգային դէտեր առաքելու եւ կրօնական ազատութիւններու բարեկարգումները օժանդակութիւններու պայման դարձնելու։
Ներկայացուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ հայկական կոթողներու բնաջնջումը տեղեկագրող՝ «Կովկասեան ժառանգութեան դէտ» կազմակերպութեան ուսումնասիրող Յուսիկ Ղուլեանի մանրամասն զեկոյցը, հայկական պատմական եւ կրօնական կոթողներուն անմխիթար կացութեան մասին, որուն մէջ կ՛ազդարարուի, թէ Պաքու վերջերս արագացուցած է բնաջնջումի իր արշաւը։
Արցախին զօրակցելու եր Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արշաւին միանալու համար
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ