MAP

Air India plane crash in Ahmedabad

Հնդկաստանի մէջ օդանաւի ջախջախումին հետեւանքով 290 զոհ

Օդանաւին մէջ եղած է 242 մարդ` 230 ճամբորդ (169 Հնդկաստանի քաղաքացի, 53 Բրիտանիոյ քաղաքացի, 7 փորթուկալցի եւ 1 քանատացի), 2 օդաչու եւ 10 ուղեկցորդուհի:

Հնդկաստանի «Էր Ինտիա» օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ 787-8 Տրիմլայնըր» օդանաւէն ոչ ոք ողջ մնացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը` յղում կատարելով հնդկական ոստիկանութեան:

«Կարծէք թէ օդանաւի ջախջախման հետեւանքով ողջ մնացածներ չկան: Զոհերու մասին ճշգրիտ տուեալները կը պարզուին», գործակալութեան յայտնած է ոստիկանութեան պաշտօնատարներէն Գ. Մալիք:

Օդանաւին մէջ եղած է 242 մարդ` 230 ճամբորդ (169 Հնդկաստանի քաղաքացի, 53 Բրիտանիոյ քաղաքացի, 7 փորթուկալցի եւ 1 քանատացի), 2 օդաչու եւ 10 ուղեկցորդուհի:

Աւելի ուշ, հնդկական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ զոհերուն թիւը 290 է:

Արկածը տեղի ունեցած է Հնդկաստանի արեւմուտքը գտնուող Ահմատապատ քաղաքի օդակայանէն թռիչքի ժամանակ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2025, 08:28