MAP

2025.06.07 Associazione missionaria armena degli USA

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107րդ Տարեդարձին Առթի

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ փաղաքշական անունով կը ճանչցուի որպէս Աւետարանչականը, ծնունդ առաւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Աւետարանական միութեան Յունիս 7, 1918ի տարեկան համաժողովին, որ գումարուեցաւ Հայ Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցիին մէջ, Ուուսթըր, Մեսեչուսեց: Արդ, ինչպէս Եգիպտոս նուէրն է Նեղոս գետին, այնպէս ալ Աւետարանչականը նուէրն է Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան:

Աւետարանչականի գաղափարի յղացումը, սակայն, սկսաւ 1907ին, երբ Արեւելեան շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը կազմեց Աւետարանչական (missions) յանձնախումբ մը: Ապա, միութեան Գործադիր մարմինը, պարտականութիւն ստանձնեց կազմակերպչական նախագիծը պատրաստել Աւետարանչական ընկերակցութեան:

Այդ օրերուն արդէն սկսած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամերիկահայ Աւետարանական եկեղեցիներն ալ տակաւին լման կազմակերպուած չէին եւ տնտեսական տագնապի մէջ էին: Բայց Մեծ Եղեռնը բորբոքած էր ամերիկահայութեան սիրտը: Միտքերն ու հոգիները պատրաստ էին ամէն գնով օգնութեան ձեռք երկարելու օսմանեան լուծի տակ ճնշուած եւ տառապող ազգակիցներուն: Ահա այդ դառն ու դժնդակ օրերուն, Մեծ Սպանդին գրեթէ վերջաւորութեան, ծնունդ առաւ Աւետարանչականը:

Անոր հիմնադիրներուն առաջին մտահոգութիւնն էր ճգնաժամային այդ օրերուն փրկել վերապրող հայութեան «Մնացորդացը»: Այսպէս, Աւետարնչականը իր օգնութեան ձեռքը երկարեց՝ հոգատարելու Ցեղասպանութենէ վերապրող հայորդիներու ֆիզիքական անհրաժեշտ պահանջներուն եւ կարօտներուն, միանգամայն մատակարարելու անոնց բարոյական, մտային եւ հոգեւոր կարիքները: Այդ օրերուն, միւս հայ համայնքներուն նման, Հայ Աւետարանական համայնքն ալ, զրկուած իր եկեղեցական եւ կրթական ղեկավարներու մեծամասնութենէն, պէտք ունէր նոր առաջնորդութեան: Հազարաւոր հայ որբեր՝ ֆիզիքական սնունդի չափ պէտք ունէին նաեւ մտաւոր եւ հոգեւոր սնունդի, որպէսզի հայ «Մնացորդացը» վերապրէր: Այս պէտքերուն գոհացում տալու համար անհրաժեշտ էր որ գաղթօճախներու մէջ նոր եկեղեցիներ եւ դպրոցներ հիմնել:

Ահա այդ դժուարին օրերուն, Աւետարանչականը բախտորոշ դեր մը խաղաց հիւրընկալ արաբական քաղաքներու նորահաստատ հայ գաղթավայրերու մէջ կառուցելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, դարմանատուներ եւ պատսպարաններ, որոնց մէջ հազարաւոր մանուկներ դաստիարակուեցան եւ անտէր որբեւայրիներ պատսպարուեցան: Սակայն տեղական անձուկ տնտեսական պայմաններու հարկադրանքը եւ ապագայ աւելի նպաստաւոր կեանքի մը հեռանկարները, պատճառ եղան որ հայ գաղթականներ շուտով ցրուին հեռաւոր երկիրներ, ինչպէս Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի զանազան քաղաքներ, ուր հաստատեցին մնայուն բնակութիւն եւ գաղութներ: Բայց ուր որ աւետարանական հայեր գացին, անոնց հետեւեցաւ Աւետարանչականի օգնական ձեռքը, եւ անոնց մէջ արթուն պահեց քրիստոնէական եւ ազգային գիտակցութիւնը:

Արդարեւ, իր սկզբնածագ օրէն սկսեալ, Աւետարանչականը լծուեցաւ կրօնական եւ կրթական ծառայութեան՝ օժանդակելով կարօտ եկեղեցիներու եւ կրօնական դաստիարակներու կրթութեան, ինչպէս նաեւ հանգստեան կոչուած հոգեւոր գործիչներու կենսաթոշակին: Կրթական մարզին մէջ՝ անիկա օժանդակեց երեսունէ աւելի մեծ եւ փոքր նորահաստատ դպրոցներու, որոնց մէջ 1930ականներէն մինչեւ 1960ականները՝ շուրջ 6000 աշակերտներ կը դաստիարակուէին: Ժամանակի ընթացքին, այս դպրոցներուն թիւը նուազեցաւ տնտեսական եւ այլ պատճառներով: Ներկայիս Հայ Աւետարանական դպրոցներու թիւը կը հասնի 24ի, որոնք կը գտնուին մեծամասամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, միւսները՝ Ամերիկայի, Յունաստանի, Հայաստանի մէջ: Անոնցմէ ամէնէն աչքառուն Պէյրութի Հայկազեան համալսարանն է, որ արտասահմանի միակ հայկական համալսարանն է: Համալսարանը կը կրէ դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի անունը, որ վաստակաւոր նախագահն էր Գոնեայի Ճենանեան քոլեճին (1900-1920): Համալսարանը հիմնուեցաւ 1955ին, ամերիկաբնակ տէր եւ տիկ. Ստեփան եւ Մերի Մեխակեանի բարերարութեամբ (Մերի Մեխակեան դուստրն էր դոկտ. Հայկազեանի): Համալսարանի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, շուրջ 3000 շրջանաւարտներ ուսում ստացած են այս բարձրագոյն կրթական հաստատութեան մէջ, որոնցմէ շատեր ներկայիս կը գտնուին տարբեր երկիրներու մէջ, ուր կը վարեն ղեկավար դերեր արուեստներու, գիտութիւններու, կրթական եւ առեւտրական մարզերու մէջ:

Բաց աստի, Աւետարանչականը նաեւ կը հայթայթէ կրթանպաստներ նախակրթարաններէն մինչեւ համալսարան, հարիւրաւոր աշակերտներու: Քոլեճական մակարդակի վրայ երկու կրթանպաստի հիմնադրամներ կան, մին՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի համար հաստատուած ֆոնտը, միւսը՝ Միացեալ Նահանգներու համալսարանական կրթանպաստի ֆոնտը, որ միջին հաշուով տարեկան 200,000 տոլարի կրթանպաստ կը բաշխէ համեստ նիւթական կարողութիւն ունեցող արժանաւոր աշակերտներու:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան յատկանշական ծառայութիւններէն մին ալ անոր մարդասիրական ծառայութիւններն են: Հայաստանի եւ Եւրասիայի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ չքաւոր ընտանիքներու, սննդակարօտ մանուկներու նպաստ, դարմանատուներու եւ որբանոցներու օգնութիւն: Այս մարզին մէջ, անիկա նաեւ զօրավիգ կը կանգնի հայկական այն հաստատութիւններուն, որոնք կը ծառայեն հիւանդին, այրիին, չքաւորին, անկարին եւ ծերերուն: Ան կանոնաւոր հերթականութեամբ կը նպաստէ Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ թերաճ մանուկներու ծրագիրին, Բեթհեզդա բժշկական եւ ատամնաբուժական դարմանատան, Պէյրութի մէջ՝ ՔԱՀԼին, Նոր Մարաշի բժշկական դարմանատան, Հայ Աւետարանական միութեան Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին եւ Հայ Անկարներու հաստատութեան:

Աւետարանչականը նաեւ նեցուկ կը կենայ հանգստեան կոչուած հոգեւոր եւ կրթական գործիչներուն եւ նիւթապէս կ՛օժանդակէ եկեղեցական շէնքերու կառուցման, մանկական ու պատանեկան համագումարներու:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը յատկապէս ազդու միջոց մը եղած է աւետարանչութեան բնագաւառին մէջ: Անիկա աւետարանչական ոգին արծարծած է մեր ազգին մէջ: Անոր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մին եղած է մարդոց ուղիղ յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ:

Աւետարանչականը ջերմօրէն կը հաւատայ մամուլի դերին: Ընկերակցութիւնը հազիւ երկու տարեկան՝ սկսաւ հրատարակել «Լրատու» եռամսեայ թերթը, Ամերիկայի մէջ, 1920էն 1944: Յետագայ տարիներու ընթացքին, անիկա լոյս ընծայած կամ հրատարակութեան օգնած է «Աւետագիր» ամսագրին, 1945-1947, News Bulletin-ին, The AMAA Recordին, The Armenian American Outlook պարբերաթերթին: 1965էն ի վեր, անիկա կը հրատարակէ The AMAA News ամսաթերթը, իսկ 1991էն ի վեր՝ «Զհաց Մեր Հանապազորդ» առօրեայ հոգեւոր խորհրդածութիւններու եռամսեայ հրատարակութիւն մը, որ 30 հազար տպաքանակով կը ղրկուի Հայաստանի եւ Արտասահմանի 46 երկիրներու հայկական եկեղեցիներու եւ հայերէն ընթերցողներու:

Աւետարանչականը նաեւ հրատարակած է հարիւրաւոր հոգեւոր գիրքեր եւ բազմաթիւ հոգեւոր թերթիկներ:

Բայց ամէնէն աւելի, անիկա հրատարակած է Աստուածաշունչը արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով եւ զայն տրամադրելի դարձուցած է հարիւր հազարաւոր հայորդիներու:

Ներկայիս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը ունի աւելի քան 100 տարիներու պատկառելի վաստակ եւ ծառայութիւն համայն հայութեան: Անոր անդամակցութիւնը՝ ընթացիկ տարուան (2025) մէջ կը հասնի 22,000ի եւ անոր հասոյթը՝ 250 միլիոն տոլարի: Անոր տարեկան պիւտճէն մօտ 12 միլիոն տոլար է՝ յատկացուած 144 տարբեր ծրագիրներու, որոնց միջոցով ծառայութիւն կը մատուցուի հազարաւոր կարօտ հայորդիներու աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած:

 Աւելի քան 107 տարիներու փորձառութեամբ թրծուած, Աւետարանչականը կը շարունակէ իր աշխատանքը, կրօնական, դաստիարակչական, մարդասիրական եւ հայանուէր գործունէութիւնը, 70 տարիներու բացակայութենէ ետք, տարածուելով նաեւ հայրենի ոստաններէն ներս, սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու կողքին:

Վերջապէս, Աւետարանչականի պատմութիւնը՝ պատմութիւնն է տարագիր հայութեան, սկսած 1918ի դժնդակ օրերէն մինչեւ ներկայի բաղդատաբար, լուսաւոր օրերը: Անոր պատմութիւնը՝ մեր ժողովուրդի վերապրելու ճիգերուն, ոգորումներուն եւ անհուն նուիրումի պատմութիւնն է: Իսկ անոր նշանաբանն է՝ սիրել մեր ազգի բոլոր զաւակները անխտրօրէն եւ ծառայել անոնց ամբողջական նուիրումով:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 07:12