Լեւոն Արք. Զէքիեան նոր կեանք կը շնորհէ գրաբարին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 276-ամեակի յոբելենական ձեռնարկին
Մխիթար աբբահօր մահուան յիշատակին 276-ամեակը կլոր թիւ մը չէ, ինչպէս կրնայ ըլլալ` հարիւրամեակ, երկհարիւրամեակ կամ 250-ամեակ մը: Այսուամենայնիւ, այս յոբելենական տարելիցը, որ նշուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազար մայրավանքի պատմական գրադարանին մէջ, յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ իր քաջ եզակի բնոյթին շնորհիւ:
Այս առթիւ, առաջին անգամ ըլլալով տասնամեակներու ընթացքին Լեւոն արք. Զէքիեան վերականգնեց աւանդութիւնը` միաբանութեան հիմնադիր աբբահօր մահուան տարելիցի պատուոյ խօսքը գրաբարով արտասանելու: Այս ձեւով նաեւ, իւրայատուկ յարակարծութեամբ, Մխիթարեան միաբանութեան յառաջդիմական ոգին անգամ մը եւս վերահաստատուեցաւ, այս անգամ` վերահաստատելով գրաբարի կենդանութիւնը` հայերէնի աշխարհաբար կամ բարբառային ճիւղաւորումներուն մայր աղբիւրը:
Աբբահօր յիշատակութեան հանդէսը առիթ մըն էր վերարժեւորելու Մխիթարեան ժառանգութիւնը եւ անոր մնայուն ազդեցութիւնը մեր ժամանակի հոգեւոր ու մտաւոր հորիզոններուն վրայ:
Լեւոն սրբազանի գրաբարեան աւանդութիւնը վենետիկեանն է, ոչ` Ե. դարու «ոսկեդարեան» կամ Մեսրոպեան հայերէնի կապուած, որովհետեւ, գերպայծառին խօսքերով, «հայերէնը ապրող լեզու մը եղած է»:
* * *
Նախքան բուն պատգամին անցնիլը` սրբազան հայրը հակիրճ նախաբանով մը բացատրեց իր խօսքի ոգին:
«Մեծարգոյ եւ հոգեշնորհ հայրեր, սիրեցեալ եղբայրներ, հարազատ բարեկամներ, այսօր ես շատ զգացուած եմ, որովհետեւ կեանքիս մէջ առաջին անգամն է, որ Մխիթար աբբահօր յիշատակութեան խօսքը կ՛ուղղեմ: Ինչո՛ւ: Բացատրեմ:
«Ըստ վաղեմի վանական սովորութեան, այս խօսքը կ՛ուղղէին նորընծայ քահանաները, այսինքն` նոր ձեռնադրուած քահանաները, այսօր կը գործածենք յաճախ նորօծ կամ նորաօծ, որ Մխիթարեան աւանդութեան խօսոյթը չէ: Մենք միշտ ըսած ենք նորընծայ քահանայ:
«Ես հազիւ ձեռնադրուած` մեկնեցայ Պոլիս: Վերադարձայ վեց տարի վերջ: Բաւական բաներ փոխուած էին արդէն մեր միաբանական հասարակաց կեանքին մէջ, ըստ որոնց, նաեւ այդ աւանդութիւնը որ կար գրաբար այս խօսքը ուղղելու, փոխուած էր շատ ուրիշ բաներու կարգին, որոնք գրաբար կ՛ըսուէին, օրինակ` աբբահօր անուան տօնին առթիւ մաղթանքը անպայման գրաբար կը կատարուէր:
«Ջանացի համոզել Ներսէս վարդապետը, որ էր գրաբարի մեծ ուսուցիչս, խոնարհութեամբ կը յիշեմ իր անունը, ու ըսի. «Հայր վարժապետ, գրաբարի աւանդութիւնը վերակենդանացնենք», եւ ան ըսաւ. «Ո՛վ պիտի ընէ»: «Դուք ըրէք», ըսի: 1970-ականներու կէսերն էինք»:
Քառասուն վայրկեան խօսեցաւ, պատմեց սրբազան հայրը: «Իսկապէս հոգեկան մեծ վայելք եղաւ իր մագիստրոսական գրաբարը լսել»: Աւանդութիւն մը սկսաւ, բայց վերջը «շղթան դարձեալ փրթաւ»:
Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը յիշեց, որ Չօպանեան կ՛ըսէր. «Մխիթարեանները գրաբարով կ՛ուտեն, գրաբարով կը զուարճանան, գրաբարով կը մտահոգուին, գրաբարով կը սգան»: Այս աւանդութիւնը կարենալ պահելու մաղթանքով էր, որ իր պատուոյ խօսքը բերաւ գերապայծառը: Ստորեւ ընթերցողներուն կը յանձնենք Լեւոն սրբազանի խօսքէն հատուածներ.
* * *
Խօսքիս վերնագիրն է`
Խօսք Յաստուածաշնորհ Եզակի Հանճար
Երանաշնորհ Հօրն Մերոյ Մխիթարայ Աբբայի
Եւ Ի Նորին Շնորհաձիր Պարգեւ Բազմարփին
«Մեծ է խորհուրդ աւուրս այսորիկ, յիշատակի փոխման առ Տէր` Երանաշնորհ Հօրն մերոյ Տեառն Մխիթարայ Աբբայի: Յաւանդելն առ Տէր զհոգին, նա՛ եւս խոնարհ սրտիւ արժանաբար ձսյնէր ընդ Առաքելոյն` «Զընթացսն կատարեցի, զհաւատսն պահեցի, այսուհետեւ կա՛յ մնայ ինձ արդարութեան պսակն»: Սուրբ Պօղոսի խօսքերն են, աւելցուց սրբազան հայրը` մէջբերելով Առ Տիմոթէոս Երկրորդ Թուղթի 4.8 համարը:
«Ամօք յառաջ, ի տօնել զերկհարիւրամեակ նորին Մխիթարայ աւետաբեր ծննդեանն, ի յոբելենական մեծի ատենի ժողովելոյ ի քաղաքին Կոստանդնուպոլսոյ, ուր Մխիթար եդ զհիմունս Միաբանութեան իւրոյ, ի ստուար դահլճի հազար հինգ հարիւր մարդկան` «Շան սինեմա» կոչեցելոյ, որ յապայն հրոյ ճարակ եղեւ, էր իմ խորագրեալ զզեկոյց իմ այսպէս. Մխիթար` հոգեւորականը, հումանիստը, էկումենիզմի ռահվիրան, զեկոյց` որ եւ ի լոյս ընծայեցաւ ի «Հայ Ընտանիք» հանդիսի Միաբանութեանս: Այսօր եւս, յետ գրեթէ յիսուն ամաց ի նմին համոզման կամ, զի սոքին երեքեան իմաստքս լաւագոյնս բնորոշեն զառաւել յատկանշական ձիրս բազմերես հանճարոյն եւ խորախորհուրդ հոգեւորութեանն Մխիթարայ Աբբայի, զորոց այժմ ի մտի ունիմ` ե՛ւս առաւել բացայայտել զոմանս եւեթ ի բազմակի եւ ի ներքնագոյն ծալուցն:
«Մխիթար յանդստին ի պատանեկան տիոց իւրոց էր հիացող մեծ արեւմտեան մշակոյթի: Բայց Մխիթար ոչ կապկէ զայն եւ ոչ երբեք, որպէս սովոր եմք տեսանել ի հանդիպման եւ ի փոխադարձ ազդեցութիւնս ժողովրդոց, մշակութաց եւ ի սոսին ներգրաւեալ բազում երեւութից: Մխիթար ուսանի յԱրեւմտից զլաւն եւ զպիտանին, բայց զփոխառեալ տարերս անտի, առանց երբեք զայնս կապկելոյ, ձուլէ յիւրն անկրկնելի, իւրատիպ, ի նորոգ եւ ի մեծ համադրումնն:
«Հումանիզմն, զոր տեսանէ Մխիթար յԱրեւմուտս եւ որ հիացուցանէ զնա, է լրիւ եւ նորոգ մեկնաբանեալ ի նմանէ ի վերայ հիման այնր հնագոյն «հումանիզմ»-ի զոր կերտեցին եւ մշակեցին Հարքն մեր Սուրբ Թարգմանիչքն ի Ե. դարու, ընդ առաջնորդութեամբ աստուածազուգորդ ամոլացն Սահակայ եւ Մեսրոպայ Մաշտոցի, եւ ոյր հետեւորդք եղեն աշակերրտք եւ յետնորդք նոցին, զորս ընդհանուր անուամբ դասաւորեմք, ի գրական անդաստանի մերում, որպէս զՅունաբան կամ զՀելլենաբան Դպրոց, եւ որք եղեն շառաւիղք Մեծին Դաւթայ Քերթողի կամ Փիլիսոփայի»:
Իր խօսքի աւարտին մօտ գերապայածառը բացաւ «պզտիկ փակագիծ մը եւս` դժբախտաբար, այս յունաբան եւ կրօնաբան կոչուած դպրոցը մեր իրականութեան մէջ առհասարակ ըստ ճաշակի չէ գնահատուած»: Աւելցուց. «Այստեղ նաեւ Մխիթարեանները այնքան հետաքրքրութիւն չեն տուած, որովհետեւ ծայրայեղ երեւոյթներ ալ կային…»:
Սրբազան հայրը նաեւ բացատրեց «մակացութիւն» բառի գործածութեան պատճառը, որ ամենախորթ բառերէն մէկն է: «Մակացութիւն», սակայն, «խորազտին բառ մըն է», աւելցուց:
«Եթէ կարդաք Դաւիթ Անյաղթի Սահմանք իմաստասիրութեան առաջին եօթը-ութ տողերը, կը կարծէք, թէ Եզնիկ է գրողը: Շատ լաւ գիտէ Մեսրոպեան դպրոցը: Բայց ինքը, կամ իր դպրոցը, ինչո՞ւ «մակացութիւն» բառը կը ստեղծեն: «Որովհետեւ կ՛ուզեն զանազանել յունարէնի պէս γνῶσις (gnosis) եւ ἐπιστήμη (episteme)` «մակացութիւնը»` իբր մակերեսային գիտելիք: Եւ հայերէնը, գոնէ միջինարեւելեան տարածքին մէջ, որ արաբերէնէն առաջ կը յաջողի արտայայտել յունական բովանդակ գիտութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը հայերէն»:
Ուստի սրբազան հայրը ընթերցեց. «Զայս ակներեւ իմաստութիւն ի փոխառնչութիւնս ընդ Արեւմտից է տեսանել ի Մխիթար նաեւ ի ծիսական եւ ի կանոնական ոլորտի: Որ ինչ առ ծէսն հայի, հիմնական դիրքն Մխիթարայ` պահելոյ ամենեւին անաղարտ զՀայոց ծէսն, ինքնին գլէ զանցանէ զժամանակ իւր ի շրջապատի այնց հոսանաց, որք էին համախոհք ընդ ժամանակս ընդ այնոսիկ հաղորդութեան ընդ Եկեղեցւոյն Հռոմայ: Սակայն ոչ կարեմք ակն ունել յումէ՛ եւ իցէ, որ կեցեալ իցէ յԺԸ. դարու, ի յայտ բերել զիմացմունս եւ զյղացս ծիսական, որք տակաւ զարգացան ի Ի. դարու, որովք եւ ի գոյ եկն մասնաւոր գիտութիւն` ծիսագիտութիւն կոչմամբ, որք եւ եղեն սեպհական կալուած ընդհանուր` բոլորից զարգացելոց յեկեղեցական մակացութիւնս»: (Շեղագիրը մերն է):
* * *
Այսպիսով, 27 ապրիլի Մխիթար աբբահօր յիշատակութեան յոբելենական ձեռնարկի գերապայծառին հանճարեղ խօսքը կ?արձանագրուի իբրեւ անկիւնադարձային իրադարձութիւն եւ օր, որ նոր շունչ տուաւ ո՛չ միայն գրաբարի հանրային գործածութեան, այլ նաեւ` գրաբար լեզուով նոր ստեղծագործութեան: Մէկ խօսքով` գրաբարը իբրեւ կենդանի լեզու:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ