Ուաշինկթըն կը ջանայ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժումը կասեցնել. Ռուպիօ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ, Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը ջանայ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժումը կասեցնել։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան ընթացքին, պատասխանելով քոնկրեսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճիմ Քոսթայի հարցումներուն՝ Ռուպիօ աւելցուց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինուած հակամարտութեան լուրջ վտանգ կայ՝ աւելցնելով. «Մեր հիմնական նպատակը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն ապահովելն է»
Քոնկրեսականներ Սմիթ եւ Քոսթա նաեւ շեշտեցին Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը, կասեցնելու համար Հայաստանի դէմ սպառնալիքները, պատժելու համար Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումը եւ հայ գերիներ ապօրինի կերպով իր բանտերուն մէջ պահելու՝ Պաքուի կեցուածքը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Պաքուն հաշուետուութեան կանչելու նպատակով քոնկրեսականներ Սմիթի եւ Քոսթայի նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուպիոյի պատասխանը, թէ՝ Ուաշինկթըն կը ջանայ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումի մը առաջքը առնել։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ