Լաւրով. «Ռուսիան պատրաստ է Հայաստանի պաշտպանութեան, գերիշխանութեան տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու»
Ռուսիոյ համար թանկ են Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները, մեր ժողովուրդներուն միջեւ խոր կապերը, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է բոլոր ուղղութիւններով առաւելագոյնս զարգացնել: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Անոր համաձայն, Մոսկուան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած շքերթին մասնակցութիւնը` «ի հեճուկս արեւմտեան որոշ պաշտօնեաներու բաց սպառնալիքներուն»:
«Նախկինին պէս կը նկատենք, որ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ կարեւորագոյն ոլորտներէն է անվտանգութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան ապահովման», ընդգծած է ան:
Խօսելով շրջանին մէջ կացութեան մասին` Լաւրով ըսած է, որ Մոսկուան անկեղծօրէն հետաքրքրուած է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումով:
«Կը կարծենք, որ ատոր համար ամուր հիմք են 2020 եւ 2022 թուականներու Ռուսիոյ նախագահին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած համալիր եռակողմ համաձայնութիւնները: Մենք ողջունած ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի համաձայնեցումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Պատրաստ ենք օգնելու այդ փաստաթուղթի ստորագրման համար կարգաւորման կարիք ունեցող բոլոր խնդիրներու լուծման հարցին մէջ: Միշտ կրնաք մեր վրայ յոյս դնել, ներառեալ փոխադրութեան տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակման, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, սահմանագծման, յառաջացող բոլոր մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցերուն մէջ` հաշուի առնելով կողմերէն իւրաքանչիւրին շահերը», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով աւելցուցած է, որ Ռուսիան մեծ ներուժ կը տեսնէ «3+3» շրջանային հարթակի զարգացման հարցին մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, թէ Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հայաստանը ներգրաւուի Շանկհայի համագործակցութեան եւ ՊՐԻՔՍ-ի ծիրին մէջ հեռանկարային հոլովոյթներու մէջ:
Խօսելով տնտեսական համագործակցութեան մասին` ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիան Հայաստանի Հանրապետութեան առանցքային տնտեսական գործընկերն է, հիմնական ներդրողը եւ երկրի ուժանիւթային եւ պարենային անվտանգութեան յուսալի երաշխաւորը:
Լաւրով մեկնաբանելով հայ լրագրողի այն հարցումը, թէ արդեօք Ռուսիան մտադի՞ր է «Հայաստանի հետ ընել այն, ինչ որ ըրաւ Ուքրանիոյ հետ», յայտնեց. «Ինծի համար նոյնիսկ անյարմար է պատասխանել, որովհետեւ իմ պատասխանս ձեզի պէտք չէ: Հայաստանի «ուքրանացման» մասին ի՞նչ խօսք կրնայ ըլլալ: Հայաստանը քաղաքակիրթ երկիր է»:
«Հայաստանը մեր բարեկամն է: Անիկա ապօրինի չյայտարարեց ռուսերէնը, ռուսերը չի զրկեր օրինական իրաւունքներէ: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ տեղ, բացի Ուքրանիայէն, կան լեզուն արգիլող օրէնքներ: Հայաստանի մէջ ազրպէյճաներէնը արգիլուած չէ: Ազրպէյճանի մէջ սահմանադրութեամբ հայերէնը արգիլուած չէ: Իսկ ահա Ուքրանիոյ մէջ ռուսերէնը արգիլուած է», ըսաւ ան:
Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց. «Մենք բոլորս տեսականօրէն ունինք երկու ընտրութիւն` հիմնուիլ տարբերութիւններու վրայ եւ յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքը ուղղել աւելի բացասական կողմ, այլ կ՛ընենք հակառակը, հիմնուելով հասարակաց շահերու վրայ` ի հարկէ փոխադարձ յարգանքի ապահովումով: Կարելի է անվերջ կեդրոնանալ անցեալին վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը այն է, որ մեզ` Ռուսիոյ հետ կան ամուր գործընկերային կապեր, մենք ունինք աճող տնտեսական յարաբերութիւններ, ունինք ամուր մշակութային կապեր եւ պէտք է կարենանք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները` հիմնուելով այս դրական ընկալումներուն վրայ: Ռուսիոյ հետ կապերուն մէջ 2 ընտրութիւն ունինք` կացութիւնը վատթարացնել կամ ուղղել դէպի դրական հուն», ըսած է Միրզոյեան:
Լաւրով յայտնեց, որ ռուսական ռազմակայանը Հայաստանի շահերու եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր բաղադրիչ է:
Ան յիշեցուց, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ ռազմակայանի տեղակայման մասին համաձայնագիրի ստորագրման 30-ամեակը: Մոսկուան կը զօրակցի երկու երկիրներու զինուորականներու, անվտանգութեան ծառայութիւններու եւ իրաւապահ մարմիններու միջեւ կանոնաւոր սերտ հաղորդակցութիւններուն:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի աշխուժ մասնակցութեամբ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ