Միացեալ Նահանգներ Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադար կ՛առաջարկեն
Միացեալ Նահանգներ Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադար կ՛առաջարկեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»-ը` նշելով, որ երէկ ծանօթացած է զինադադարի մասին Միացեալ Նահանգներու ծրագիրին:
Կ՛առաջարկուի 60-օրեայ զինադադար եւ առաջին շաբթուան ընթացքին 28 ողջ եւ մահացած իսրայէլացի գերիներու, ինչպէս նաեւ 125 ցկեանս դատապարտուած պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակում եւ 180 զոհուած պաղեստինցիներու աճիւններու յանձնում:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, միջնորդներ Եգիպտոսի եւ Քաթարի երաշխաւորած ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ օգնութիւն ուղարկել Կազա` պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք:
Ծրագիրը կը նախատեսէ, որ Համաս վերջին 30 գերիները ազատ արձակէ, երբ մնայուն զինադադարը ուժի մէջ մտնէ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ կ՛ընդունի Միացեալ Նահանգներու առաջարկը: Համաս յայտնեց, որ կ՛ուսումնասիրէ ծրագիրը եւ պատասխանը պիտի տայ ուրբաթ կամ շաբաթ օր:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ