MAP

Եմէն, ցոյցեր Եմէն, ցոյցեր 

Թրամփ Եմէնի վրայ ամերիկեան յարձակումներուն դադրեցումը յայտարարեց

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր վարչակազմը «եմէնցիներուն խօսքին կը հաւատայ», ինչ կը վերաբերի ամերիկեան հարուածներու անմիջական դադրեցման դիմաց յարձակումներու դադրեցման, հակառակ «մինչեւ հիմա պաշտօնական համաձայնութեան չգոյութեան»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնեն Եմէնի մէջ իրենց հարուածները` պնդելով, որ եմէնցիները խոստացած են դադրեցնել Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները: Թրամփ այդ մէկը «լաւ լուր մը» նկատեց:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր վարչակազմը «եմէնցիներուն խօսքին կը հաւատայ», ինչ կը վերաբերի ամերիկեան հարուածներու անմիջական դադրեցման դիմաց յարձակումներու դադրեցման, հակառակ «մինչեւ հիմա պաշտօնական համաձայնութեան չգոյութեան»:

«Եմէնցիները չեն ուզեր կռուիլ, եւ անոնց ռմբակոծումը պիտի դադրի: Կը հաւատանք անոնց խոստումին, թէ այսուհետեւ նաւերը պիտի չթիրախաւորեն», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ այդ որոշումը տրուած է «հանդարտեցման իսկական փափաքի» լոյսին տակ` նշելով. «Օդային յարձակումները շարունակելը անհրաժեշտ չեմ նկատեր, այնքան ատեն որ Եմէն յանձնառու կը մնայ ծովային գործողութիւնները դադրեցնելուն»:

Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «Օմանցիները, որոնք անցնող տարիներուն միշտ ալ Միացեալ Նահանգներուն եւ Սանաայի միջեւ միջնորդութիւն կատարած են, այս բանակցութիւնները դիւրացուցին»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «Կը նախատեսուի, որ (եմէնեան) այս նահանջը իրանեան հիւլէական համաձայնութեան շուրջ իրան-ամերիկեան համապարփակ բանակցութիւններու խթան դառնայ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յստակացուց, թէ Եմէնի հետ համաձայնութիւնը կը վերաբերի միայն Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ անոնց յարձակումներու դադրեցման: «Եթէ Եմէնը յանձնառու մնայ նաւերը չթիրախաւորելուն, մենք յանձնառու պիտի մնանք զիրենք չթիրախաւորելուն», աւելցուց նախարարութիւնը:

Հուսիներու քաղաքական խորհուրդէն անդամ մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց. «Կարմիր ծովուն եւ Իսրայէլի մէջ գործողութիւնները պիտի չդադրին, մինչեւ Կազայի վրայ յարձակումը չդադրի»:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, թէ Իսրայէլ նախապէս տեղեակ չէ եղած Թրամփի կողմէ հուսիներուն հետ զինադադարի յայտարարումէն` աւելցնելով. «Ատկէ տեղեակ չէինք, Թրամփը մեզ անակնկալի բերաւ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ քաղաքական իշխանութիւնները այժմ շուարած են եւ կը փորձեն Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքի իմաստը հասկնալ:

Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ հուսիները երեքշաբթի օր յարձակում գործած են ամերիկեան «Թրումըն» օդանաւակիրին վրայ, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէպքէն ժամեր առաջ զինադադար յայտարարելուն:

Աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ «Թրումըն» օդանաւակիրին պատկանող «Էֆ/Էյ-18 Սուփըր Հոռնեթ» տիպի հալածիչ մը Կարմիր ծովուն մէջ կորսուած է:

Աղբիւրները նշած են. «Ասիկա «Թրումըն» օդանաւակիրին մէկ շաբթուան մէջ Կարմիր ծովուն մէջ կորսնցուցած երկրորդ օդանաւն է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2025, 09:35