MAP

Ռուսիան եւ Ուքրանիան փոխանակած են գերիներ Ռուսիան եւ Ուքրանիան փոխանակած են գերիներ  (ANSA)

Ռուսիան եւ Ուքրանիան փոխանակած են գերիներ

Ռուսիան ու Ուքրանիան փոխանակած են գերիներ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«16 մայիսին Իսթանպուլի մէջ ձեռք բերուած ռուս-ուքրանական պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ Քիեւի ռեժիմի կողմէ վերահսկուող տարածքէն վերադարձուած է եւս 307 ռուս զինուոր»,- նշած են գերատեսչութենէն։

Փոխարէնը ուքրանական կողմին յանձնուած են գերեվարուած ուքրանական զինուած ուժերու 307 զինեալներ։

Նշուած է, որ վերադարձած զինուորներն այս պահուն կը գտնուին Պելառուսիա, ուր կը ստանան անհրաժեշտ հոգեբանական եւ բժշկական օգնութիւն։ Այնուհետեւ պիտի բերուին Ռուսիա։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2025, 08:37