Մարոնի Եպիսկոպոսները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի Երկիրներուն
Մարոնի եպիսկոպոսները երէկ Պքերքէի մէջ գումարեցին իրենց ամէնամսեայ ժողովը` նախագահութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին:
Ժողովի աւարտին եպիսկոպոսները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեցին Լեւոն ԺԴ. պապը` կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Անոնք յայտնեցին, որ կը յուսան եւ կ՛աղօթեն Կազայի մէջ պատերազմին վերջ գտնելուն համար, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեն «արդար լուծում գտնելու համար տագնապի բոլոր կողմերուն վրայ ճնշում գործադրելու»:
Եպիսկոպոսները յայտնեցին, որ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական ու դիւանագիտական դէպքերուն եւ անոնց Լիբանանի վրայ հաւանական ազդեցութեան: Անոնք նշեցին. «Այն խօսքը, թէ մեր երկիրը անկրկնելի առիթի առջեւ կանգնած է եւ պէտք է անվտանգութեան ու բարեկարգման ուղիներուն վրայ անկէ օգտուի, Լիբանանի վերաբերեալ պետութիւններու մեծամասնութեան դիրքորոշման յիշեցման համազօր է: Կը յուսանք, որ ղեկավարները ընդառաջեն` պետութեան առողջացման եւ ճակատագրական ու կենցաղային տարբեր հարցերու մէջ անոր հեղինակութեան մենաշնորհի վերաբերեալ որդեգրելով վճռական եւ վճռորոշ քայլեր, որոնց բոլոր լիբանանցիները կը սպասեն»:
Մարոնի եպիսկոպոսները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն իր պատմութեան ներկայ զգայուն փուլին Լիբանանի թիկունք կանգնելուն համար, «ինչ որ կ՛աւետէ անոր երկարատեւ վէրքերու սպիացումը եւ վերստանձնումը իր լուսաւոր մշակութային առաքելութեան` ի ծառայութիւն իր արաբական շրջապատին եւ մարդասիրական վաղեմի յանձնառութիւններուն»:
Անոնք նշեցին, որ գոհունակութեամբ կը դիտեն Սուրիոյ դէմ հաստատուած ելեւմտական ու տնտեսական պատժամիջոցներու ջնջումը, ինչ որ հաստատօրէն պիտի նուազեցնէ դրացի երկիրներուն, նախ եւ առաջ Լիբանանի վրայ սուրիացիներու գաղթին ներկայացուցած բեռը:
Եպիսկոպոսները գոհունակութիւն արտայայտեցին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին նկատմամբ` նշելով, որ անհամբեր կը սպասեն անոնց ամբողջացման, ինչպէս նաեւ կը սպասեն, որ նոր քաղաքապետութիւնները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն ժողովուրդին սպասած բարգաւաճման վրայ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ