Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը յարգանքի տուրք մատուցեց Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին
Վատիկան Նիուզ - Հայակական Բաժանմունք
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Վահագն Խաչատուրեանը, որ վերջին օրերուն Հռոմ ժամանած էր ու Կիրակի` 18 Մայիսին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ մասնակցած էր նորընտիր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի «գահակալութեան» հանդիսաւոր արարողութեան, յաջորդ օր` երկուշաբթի 19 Մայիսին ուզեց յարգանքի տուրք մատուցել երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին, այցելելով Սանթա Մարիա Մաճճորէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը, ուր կը հանգչին Քահանայապետին աճիւնները, ու անոր դամբանին վրայ զետեղեց ծաղիկներ։
Յայտնենք` որ Նախագահ Խաչատուրեան ներկայ գտնուած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Իսկ Կիրակի 18 Մայիսի կէսօրէն ետքը Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը այցելած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը ու հանդիպում ունեցած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-րդ Մինասեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Խաչատուրեանն անդրադարձած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին ընդհանուր իրադրութեանը, առկայ հիմնախնդիրներուն և վերջիններուս լուծման նկատմամբ հայաստանեան իշխանութիւններու որդեգրած սկզբունքներուն:
Նախագահն ընդգծած է, որ ներկայիս Հայաստանն ունի յստակ դիրքորոշում տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հասնելու և հարևաններու հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցերու շուրջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ