MAP

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւններ Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւններ  (ANSA)

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական բանակցութիւնները երկու ժամ ետք աւարտեցան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, թէ երկու կողմերը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են դարձեալ ժողով գումարելու եւ բանակցութիւններու այլ փուլ մըն ալ ունենալու:

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները երէկ Պոլսոյ հետ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ վարեցին բանակցութիւններ, որոնք 2022-ի գարունէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ առաջին ուղղակի բանակցութիւններն էին, որոնք երկու ժամ ետք աւարտեցան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, թէ երկու կողմերը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են դարձեալ ժողով գումարելու եւ բանակցութիւններու այլ փուլ մըն ալ ունենալու:

Ֆիտան աւելցուց, որ Ուքրանիան եւ Ռուսիան համաձայնած են զինադադարի հաստատման համար իրենց պայմանները փոխանակել:

Անոնք նաեւ վստահութեան կառուցման համար, համաձայնած են իւրաքանչիւր կողմէ հարիւր գերիներու փոխանակման շուրջ:

Ուքրանացի պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ռուսիան ներկայացուց անընդունելի պահանջ մը, որ յաւելեալ հողերէ ուքրանական հեռացում կը ներառէ»:

Միւս կողմէ, պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնեց, թէ ռուս եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն միջեւ եւս Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2025, 09:23