MAP

2025.05.22 Prof. Emilio Gonzales Magaña visita scuola Mesrobian

Քահանայապետական Դատարանի Աստուածաբանը՝ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ

Հիւրերը ընդունուեցան տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի կողմէ, որ ներկայացուց վարժարանի առաքելութիւնը, հոգեւոր եւ կրթական գործունէութիւնները։ Հայր Մականիա յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ հոգեւոր դաստիարակութեան ծրագիրին նկատմամբ՝ գնահատելով դպրոցին կողմէ այս ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքները։

19 Մայիս 2025-ին, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատիւը ունեցաւ հիւրընկալելու Վատիկանի Քահանայապետական Դատարանի Աստուածաբան՝ Հայր Էմիլիո Կոնզալէս Մականիան, որուն կ՚ընկերակցէր Հայր Պետրոս վարդապետ Մարաշլեան։

Հիւրերը ընդունուեցան տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի կողմէ, որ ներկայացուց վարժարանի առաքելութիւնը, հոգեւոր եւ կրթական գործունէութիւնները։ Հայր Մականիա յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ հոգեւոր դաստիարակութեան ծրագիրին նկատմամբ՝ գնահատելով դպրոցին կողմէ այս ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքները։

Այնուհետեւ, կատարուեցաւ շրջայց դպրոցի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, ուր հիւրերը առիթ ունեցան տեսնելու դպրոցին կազմակերպուած եւ պատրաստ վիճակը։ Հայր Մականիա մեծապէս գնահատեց վարժարանի ընդհանուր մթնոլորտն ու աշակերտներուն եւ ուսուցչակազմին տրամադրուած պայմանները։

Իր այցելութեան աւարտին, ան իր խրախուսանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ամբողջ կրթական համայնքին՝ շեշտելով հոգեւոր կրթութեան կարեւորութիւնը եւ յորդորելով շարունակել այս ուղիղ ճանապարհը՝ ամրապնդելով հոգեւոր արժեքները սերունդներու մէջ։

Աղբիւրը` Մեսրոպեան Վարժարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2025, 07:38