MAP

2025.05.22 Libro-Dossier sulle donne e gli orfani del genocidio armeno

Հայոց ցեղասպանութեան զոհ հայ կանանց եւ որբերու ճակատագրի մասին աղբիւրագիտական բացառիկ արժէք ունեցող գիրքի շնորհանդէս

Այս թղթապանակը գործ մըն է (տոսիէ)՝ օսմանեան իշխանութիւններու, ապա քեմալականներու կողմէ հայ կանանց, աղջիկներուն, երեխաներուն համակարգուած կոտորելուն կամ թրքացնելուն վերաբերեալ։

Մայիս 22-ին, ժամը 19:30-ին, Լագրասենթա քաղաքի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ԿԱՆԱՆՑ ԵՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ «ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԴԻՒԱՆԻ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐՈՒՄ. ԶԱՒԷՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԶԵԿՈՅՑԸ ԱԶԳԵՐԻ ԼԻԳԱՅԻՆ» (աշխատասիրութեամբ՝ Լուսինէ Սահակեանի, Անի Սարգսեանի, Կորիւն եպս. Բաղդասարեանի) գիրքին ներկայացումը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։        

Բացառիկ տեղեկութիւններով եւ նոր մանրամասներով դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ ԵՊՀ դոցենտ, թուրքագէտ ԼՈՒՍԻՆԷ ՍԱՀԱԿԵԱՆ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ հայ կանանց եւ որբերու ճակատագրին վերաբերեալ։

Հանդիսութիւնը պիտի վարէ Վաչէ Բրուտեան։

Սոյն գիրքը կը ներկայացնէ 1918 թ. Մուտրոսի զինադադարէն ետք Կ. Պոլսոյ մէջ Զաւէն արք. Տէր-Եղիայեանի նախաձեռնութեամբ իրականացուած որբահաւաքին աշխատանք­ները։ Ուսումնասիրութեան համար հիմք ծառայած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ պահուող «Տեղեկատու դիւանի» եւ այլ արխիւային վաւերագրեր։ Քննութեան են­թարկուած է եւ առաջին անգամ ֆրանսերէնէ ու անգլերէնէ ամբողջութեամբ հայերէն թարգ­մանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ կանանց եւ երեխաներու փրկութեան գործին վերաբերող «Տեղեկատու դիւանի» թղթապանակը։ Այստեղ հաւաքուած են 1920-1921 թթ. Ազգերու լիգային յանձնուած՝ Ժընեւի կեդրոնական կոմիտէի՝ «Պատերազմի զոհ դարձած երեխաներու օգնութեան միջազգային միութեան» Հայկական բաժնի, Զաւէն պատրիարքի զեկոյցները, Առա­­քել Չաքրեանի տեղեկագրերը եւ եւս մէկ տեղեկագիր-զեկոյց։

Այս  թղթապանակը գործ մըն է (տոսիէ)՝ օսմանեան իշխանութիւններու, ապա քեմալականներու կողմէ հայ կանանց, աղջիկներուն, երեխաներուն համակարգուած կոտորելուն կամ թրքացնելուն վերաբերեալ։ Ման­րա­մասներ կը հաղորդուին անոնց արգելափակման, ստրկավաճառութեան եւ ա­զա­տագ­րութեան ուղղուած գործո­ղու­թիւններու մասին։

«Տեղեկատու դիւանի» այս թղթապանակը ստեղծուած է կարեւոր այս խնդի­րը միջազգայնացնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ-պատասխանատուները, մասնակից յանցագործները պատժելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու ակնկալութեամբ։

Սոյն գիրքը նախատեսուած է համապատասխան մասնագէտներու եւ ուսանողներու, նոր ցեղա­սպանութիւններու կանխարգիլման ուղղուած հայ եւ միջազգային կառոյցներու նախաձեռ­նութիւններու համար։ Գիրքը հրատարկուած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի եւ ԵՊՀ Հայագիտական հետազոտութիւններու ուսումնարանի համագործակցութեամբ։ Խմբագիրներն են՝ պ. գ. դ., փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան, պ. գ. թ., դոցենտ Վահրամ Պետրոսեան, Վաչէ Բրուտեան։ Ֆրանսերէն վավերագրերուն թարգմանութիւնը կատարած է Ասիա Ղարիբեանը։ Գիր­քի հրա­տա­րա­կութ­եան հովանաւորն է սա­ղի­մա­հայ բա­րե­րար Յով­սէփ Գէորգ­եա­նը։

Նշենք նաեւ՝ գիրքին առաջին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է սոյն թուականի Ապրիլ 25-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ՝ հոգեւոր հայրերու, վարժարանի սաներու, տեղի հայ համայնքի եւ այլ երկիրներէ ժամանած հիւրերու մասնակցութեամբ՝ ջերմ ու յուզիչ մթնոլորտի մէջ։ Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկան Կորիւն եպս. Բաղդասարեանը, ԵՊՀ ՀՀԻ տնօրէն Վահրամ Պետրոսեանը։ Բանախօսեցին գիրքի աշխատասիրողներ Լուսինէ Սահակեանը եւ Անի Սարգսեանը։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2025, 09:03