Թեհրան. «Իրանը համաձայն գտնուեցաւ 23 մայիսին Հռոմի մէջ Ամերիկայի հետ բանակցութիւններու 5-րդ փուլ մը գումարելու Օմանի առաջարկին»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Իրան համաձայն գտնուած է այսօր Հռոմի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու 5-րդ փուլ մը գումարելու օմանեան իշխանութիւններու առաջարկին:
«Իրանի պատուիրակութիւնը վճռակամ է պաշտպանելու իրանցի ժողովուրդի հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման իրաւունքները, ներառեալ իւրանիոմի հարստացումն ու պատժամիջոցներու ջնջումը», նշեց Պաղայի:
Նախքան այդ, Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսայիտի յայտարարեց, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը պիտի գումարուի 23 մայիսին, Հռոմի մէջ:
Իրանի խորհրդարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իրանը հիւլէական զէնքի տարածումը արգիլող համաձայնագիրի 4-րդ կէտին համաձայն հիւլէական ուժը հետազօտելու, զարգացնելու, արտադրելու եւ օգտագործելու իրաւունքը ունի, եւ իր այս օրինական իրաւունքէն պիտի չհրաժարի»:
«Իւրանիոմի խաղաղ հարստացման մակարդակը 20 առ հարիւրէն նուազ մակարդակով պիտի չսահմանափակուի, այլ իրանցի ժողովուրդի առօրեայ կարիքներուն եւ խաղաղ նպատակներուն պատշաճ պիտի ըլլայ», աւելցուց խորհրդարանը:
«Իրանցի ժողովուրդը չէ ձգտած եւ պիտի չձգտի հիւլէական զէնքեր ձեռք ձգել: Աշխարհի վրայ միակ պետութիւնը, որ հիւլէական զէնքը այլ ժողովուրդներ սպաննելու համար օգտագործեց, Ամերիկան է», նշեց Իրանի օրէնսդիր մարմինը:
«Ամերիկան իրաւունք չունի ժողովուրդներու եւ անկախ պետութիւններու ճակատագիրը ճշդելու», շեշտեց խորհրդարանը` աւելցնելով. «Իրանն ու անոր ժողովուրդը երբեք պիտի չհրաժարին հիւլէական իրաւունքներէն, եւ ոճրագործներուն դատարկաբանութիւնները իրանցի ժողովուրդի քաղաքականութեան վրայ որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ