MAP

«Հնդկաստանն ու Փաքիստան «Հնդկաստանն ու Փաքիստան  (ANSA)

Թրամփ. «Հնդկաստանն ու Փաքիստանը Ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններէ ետք ամբողջական եւ անմիջական զինադադարի Համաձայնութիւն գոյացուցին»

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Զինադադարը պիտի սկսի այսօր տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը հինգին»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր յայտարարեց. «Հնդկաստանն ու Փաքիստանը Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ բանակցութիւններէ ետք ամբողջական եւ անմիջական զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացուցին»:

«Երկու երկիրները կը շնորհաւորեմ խնդիրին վերջ տալու իրենց ողջմտութեան համար», ըսաւ Թրամփ:

Նախքան այդ, Փաքիստան շաբաթ օր յայտարարեց, թէ հնդկական յարձակումներուն հակադարձելով զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծած է:

Փաքիստանեան բանակը իր գործողութեան ընթացքին թիրախաւորեց Հնդկաստանի Փենճապ նահանգին մէջ հրթիռներու պահեստաւորման դիրք մը եւ օդակայան մը, ինչպէս նաեւ Քաշմիրի հնդկական կողմին մէջ հնդկական օդուժի Ատհամփուր ռազմակայանը:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տար յայտարարեց. «Հնդկաստանի հետ համաձայնեցանք անմիջապէս զինադադար հաստատելու»` նշելով. «Փաքիստան միշտ ալ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ձգտեցաւ, առանց իր գերիշխանութեան եւ տարածքային անվտանգութեան ոտնահարման»:

«Ասիկա մասնակի համաձայնութիւն մը չէ, այլ Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ զինադադարի հաստատման ամբողջական փոխադարձ հասկացողութիւն», նշեց ան` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական եւ ճգնաժամային հաղորդակցութեան կապերը կեանքի կոչուած են:

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Զինադադարը պիտի սկսի այսօր տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը հինգին»:

«Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինուորական գործողութիւններու ընդհանուր հրամանատարները 12 մայիսին պիտի բանակցին», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց. «Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի կառավարութիւնները չէզոք վայրի մը մէջ մեծաթիւ խնդիրներու շուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսին»:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր, երկու կողմերուն միջեւ առօրեայ բախումներ տեղի ունեցան, երբ Հնդկաստան Փաքիստանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու ռազմակայաններ հարուածեց` հակադարձելով Հնդկաստանի մէջ անոնց կատարած ահաբեկչական գործողութեան: Իսլամապատ օրին խոստացաւ հակադարձել Նիւ Տելհիին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2025, 09:47