MAP

2025.05.27 Incontro giovani Taize Libano chiesa armena

Հայ Եկեղեցին մասնակցեցաւ Լիբանանի Երիտասարդական միջ եկեղեցական շաբաթուան ծրագիրներուն Թեզէի եղբայրնե

Օրուան ընթացքին աշխատանոցներ տեղի ունեցան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան եւ Արազ Գոճայեան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք։

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 06։30-ին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) իր մասնակցութիւնը բերաւ «Քասրա, ֆաթհա, տամմա» (كسرة فتحة ضمة) ծրագրին, ներկայութեամբ Թեզէի (Taizé) եղբայրներուն։ Հանդիպման նպատակն էր համախմբել Լիբանանի տարբեր համայնքներու հաւատացեալները եւ խօսիլ Լիբանանն ու լիբանանցին յուզող ու միաւորող հարցերու ու երեւոյթներու մասին։

Մայիս 1-ին այցելութիւն տրուեցաւ Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ շրջաններ, ուր սաստիկ ռմբակոծումներ իրականացուած էին։

Իսկ Շաբաթ, 3 Մայիսի յետմիջօրէին, Սաժես համալսարանին (Sagesse University) մէջ տեղի ունեցաւ «Յոյսի նշան» (علامة رجاء) խորագրեալ միջ-եկեղեցական համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ականներ եւ հայ երիտասարդներ, որոնք նախապէս մասնակից եղած են Թեզէի տարբեր հաւաքներու։

Օրուան ընթացքին աշխատանոցներ տեղի ունեցան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան եւ Արազ Գոճայեան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք։

Հարկ է նշել, որ վերոյիշեալ ծրագիրներու կազմակերպչական աշխատանքներուն իրենց ներդրումը ունեցած են Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական երիտասարդները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2025, 06:55