Միացեալ Նահանգներ-ծոցի երկիրներ վեհաժողովը ընդգծեց Կազայի պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը
Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի երկիրներ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներ:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը վեհաժողովի իր բացման խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ վեհաժողովը շրջանի կայունութեան համար գործակցութիւնը եւ հաւաքական աշխատանքը զարգացնելու նկատմամբ նախանձախնդրութեան արտացոլացումն է: «Կը ջանանք շրջանին մէջ մագլցումը կասեցնել, վերջ տալ Կազայի մէջ պատերազմին եւ պաղեստինեան դատին համապարփակ լուծում գտնել», աւելցուց Պըն Սալման, որ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մէկ օր առաջ Ռիատէն յայտարարած Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը:
Անդրադառնալով լիբանանեան թղթածրարին՝ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը ըսաւ, որ պէտք է զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնել եւ աջակցիլ Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն:
«Կ՛ուզեմ Իրանի հետ գործարք կնքել, սակայն անիկա պէտք է դադրեցնէ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան աջակցութիւնը եւ հիւլէական զէնք ձեռք բերելու չձգտի», իր կարգին յայտնեց Թրամփ՝ աւելցնելով, որ Կազայի մէջ պահուող բոլոր գերիները պէտք է ազատ արձակել եւ այս վեհաժողովի ղեկավարներուն աջակցութեամբ աշխատանք տանիլ խաղաղութեան հաստատման:
Գալով Լիբանանին, Թրամփ յայտնեց, որ Լիբանան առիթը ունի ազատելու «Հըզպալլա»ի վերահսկողութենէն, եւ Լիբանանի նախագահը եւ վարչապետը կրնան ստեղծել լաւ եւ կայուն պետութիւն մը, որ խաղաղութեամբ կ՛ապրի:
Թրամփ վերահաստատեց, որ մտադիր է ջնջելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները եւ կը քննարկէ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։
Թրամփ եզրափակեց՝ ըսելով, որ Ուաշինկթըն աշխատանք պիտի տանի յաւելեալ երկիրներ միացնելու Աբրահամեան համաձայնութիւններուն:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ