Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը Քեսապի մէջ։ «Մայիս 28-ը Յարութեան օր՝ ողջ Հայութեան»։
Չորեքշաբթի , 28 մայիս, 2025 թուականին. Քեսապ համալիր ճաշարանէն ներս, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 107-րդ ամեակի առթիւ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, Սարդարապատի նուիրուած «Երբ չի մնում լեք ու ճար․․․» յաղթերգով։
Միջոցառումին Ներկայ էին Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը, Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչը, ՀՅԴ-ի մարմինի Ատենապետ ընկեր Քերոբ Աբելեանը եւ իր ողջ անձնակազմը եւ հայրենակիցներու հոզ բազմութիւն մը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը․
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ․
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Այսօր, Հայաստանը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, Մայիս 28-ին, կը նշեն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը ։
1918 թուականին Մայիս 28-ին՝ Մայիսեան հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատէն, Պաշ Ապարանէն, Ղարաքիլիսայէն ետք, ծնունդ առաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։
1918 թուականին, այս օրուայ շնորհիւ վերականգնուեցաւ դարեր շարունակ խաթարուած հայկական պետականութիւնը։
Այսօր, երբ մայիսեան արեւը կը պռնկէ մեր սրբազան լեռներուն վրայ, հայ հոգին կրկին կը վերանորոգուի՝ ազգային յիշողութեան սրտաբուխ բաբախով։ Մայիս 28-ը։ Այդ օրը՝ ոչ միայն յաղթանակի տարեթիւ մըն է, այլ՝ հայոց գոյութեան կրկին հաստատումն է այս աշխարհիս մէջ։ Օր մըն է, որուն մէջ խտացուած են, մեր ազգի արցունքները, աղօթքները, արիւնը, յոյսը, հաւատքը, հողը ու հոգին։
Երբ ամէն դուռ փակուած էր հայուն դէմ, երբ երկինքն ալ լռած էր, հոն՝ Սարդարապատի դաշտին վրայ, հայը չմեռաւ։ Չընդունեց իր վախճանը։ Արիւնով գրեց իր անունը պատմութեան նոր էջերուն մէջ։
Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի խոնարհ մեծութեան օրն է։ Ոչ՝ պարծենալու, այլ՝ խոնարհ հպարտանալու օր։
Հպարտանալու, որ մեր հայ ազգը – կիսամեռ ու ցիրուցան – իր ծնկաչոք վիճակէն ելաւ ու կանգնեցաւ իր ոտքերուն վրայ, առանց օտարի գաւազանի օժանդակութեամբ։
Մեր հայ հողին, հայ հացին, հայ մայրերուն ողբին ու հայ մարտիկներուն աղօթքին շնորհիւ, կերտուեցաւ Հայաստանը՝ ազատ, անկախ, բայց դեռ այնքան փխրուն։
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Այդ փխրուն ինքնիշխանութիւնը այսօր կը նայի մեզի՝ սփիւռքահայութեանը։ Պահանջ ու կարիք ունի ոչ միայն մեր պաշտպանութեանը, այլ մեր հաւատարմութեանը։ Ո՛չ միայն զէնքի հզօրութեանը, այլ մեր հոգեւոր զօրութեանը։ Հայաստանը, որ այսօր կայութիւն ունի, կը հանապազորդէ, շնորհիւ հայ մարդու, որ սուրբ պահեց իր արմատը, իր հողը, իր լեզուն, իր սուրբ խաչը։
Ու երբեք մոռցած չէ, որ այս հողը՝ սրբազան ժառանգ մըն է։ Սուրբ է, որովհետեւ մեր հայ մայրերը իրենց որդիները՝ որդեգիր կտակարաններու նման, հողին յանձնեցին այս երկրի ազատութեան եւ պաշտպանութեան համար։ Ու այսօր, մենք ի՞նչ ունինք տալու։ Ի՞նչ զոհողութիւն ունինք ընելու։ կրնա՞նք արդեօք մեր առօրեայի մէջ՝ մեր բառով, մեր վարմունքով, մեր հայ պահուածքով արդարացնել այդ անսահման սէրը, զոր մեր նախնիները ունեցան այս հողի, այս լեզուի, այս դրօշին հանդէպ։ Ազատութիւնը ժառանգութիւն մըն է, որ ոչ միայն յիշելու ենք. Այլ, պէտք է ամէն օր ապրել զայն, պահել զայն, ու մանաւանդ՝ փոխանցել զայն ապագայ մեր սերունդներուն։
Եթէ այսօր մենք ունինք երկիր՝ այո՛, շնորհիւ այն պատամական եւ յաղթական օրուան կը պարտինք։ Բայց, այդ օրուան կրակը պէտք չէ մարի մեր սրտերէն։ Այլապէս, մենք կրկին կորսնցնելու եզրին կը կանգնինք։ Մայիս 28-ը մեզի կը պատգամէ. «Ձեր հողին արիւնը անտեղի չթափուեցաւ։ Ապրեցէ՛ք այնպէս, որ արժանի ըլլաք այն զոհին»։
Անձամբ, այսօր կ՛ուզեմ ծնրադիր մտքով գուրգուրել Սարդարապատի անունը։ Այն տեղը, ուր ժողովուրդ մը աղօթեց իր խրամատներուն մէջ, ու յաղթեց ոչ միայն թշնամիին, այլ իր վախին։
Որովհետեւ հաւատքը երբեք չի մեռնիր, նոյնիսկ երբ իր ձեռքերուն մէջ ոչինչ կը մնայ։ Այդ հաւատքով, մենք կրցանք վերագտնել մեր կեանքը, մեր արժանապատուութիւնը, մեր պետականութիւնը։
Եւ հիմա, սիրելինե՛րս, եկէ՛ք ամրապնդենք մեզ՝ մեր ներսէն։ Պատերազմը միայն սահմաններու վրայ չէ։ Ան նաեւ մոռացութեան դէմ է, թուլութեան դէմ, եսասիրութեան դէմ։ Մենք պէտք է կերտենք Հայաստանը՝ ոչ միայն նոր շէնքերով, այլ նոր հոգիով։ Հոգի մը՝ որ նայի կռուած հայու աչքերուն մէջ ու ըսէ՝․«Ես պիտի շարունակեմ քու ճանապարհդ»։
Թող այս սուրբ օրը վերածուի աղօթքի – ո՛չ միայն շրթունքով, այլ նաեւ կեանքով։ Թող վերածուի երգի՝ ոչ միայն շրթունքներու վրայ, այլ մեր սրտերուն մէջ։ Եւ թող ըլլայ խոստում մը՝ մեզի ու մեր նախնիներուն.
Մենք պիտի չմոռնանք։ Մենք պիտի չդաւաճանենք։ Մենք պիտի շինենք ու կերտենք մեր երկիրը՝ Հայաստան։
Կը Շնորհաւորեմ բոլորիս՝ Մայիս 28-ը՝ Հայաստանի ԱՌԱՋԻՆ Հանրապետութեան հռչակման առթիւ։ Թող յաջողութիւններն ու յաղթանակները այսուհետ ալ միշտ ուղեկից ըլլան մեր հայ ազգին ու հայրենիքին։
Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը, ողջ հայութեան, յարութեան օրը։
Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ մեր սուրբ պարտաւորութիւնը։
Կեցցէ՛ այն ժողովուրդը, որ կ՛ապրի լեռներու պէս ուղիղ, ու կը կռուի աղօթքով։
Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդը, մեր սրբազան հողը, մեր յիշողութիւնը, եւ մեր ապագան։
Խորին ու սրտագին շնորհակալութիւններս Ձեր հրաւէրին ու բոլոր կազմակերպիչներուն այս պատմական ու անմոռանալի օր յիշատակելու համար»։
Խօսք առաւ նաեւ՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը․ Հոգեշնորհ հայր սուրբը շեշտեց ու բարձր գնահատեց Ազատութեան գաղափարը եւ ապրելակերպը մեր հայ ժողովուրդին կեանքէն ներս։
Ձեռնակին աւարտին տեղի ունեցան ազգային երգեր, պարեր ու ասմունքներ եւ բոլոր ներկաները միաշունչ երգեցին «Արիւնոտ Դրօշ» երգը։
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ