Եւրատեսիլ 2025. Հայաստանը Ներկայացնող Պարգը (Պարգեւ Վարդանեան) Հասաւ Եզրափակիչ Փուլ
Զուիցերիոյ Պազել քաղաքին մէջ 15 մայիսին կայացաւ երգի Եւրատեսիլ մրցանքի երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Պարգը (Պարգեւ Վարդանեան)` «Survivor» երգով: Իր ելոյթը գնահատուեցաւ հանդիսատեսներու եւ առցանց հարթակներու մէջ իր արտայայտիչ բեմադրութեամբ, ուժեղ վոքալով եւ կրակոտ շարժումներով:
Ան անցաւ եզրափակիչ փուլ, եւ այսօր իր երկրպագուները յոյս ունին, որ ան կը յաղթէ այս մրցումին:
Նշենք, որ Պարգը յայտնի է իր իւրայատուկ ոճով: Իր երաժշտական մեկնարկը կատարուած է երգելով եկեղեցական երգչախումբէ: Իսկ իր ընտրած երգը` «Survivor»-ը համադրում է ժամանակակից երաժշտական տարրերու` հայկական աւանդական հնչողութեան հետ, որուն մէջ ընդգծած է դիմադրողականութեան եւ յաղթանակի թեմաները:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ