MAP

Դամասկոս, Ամերիկեան դեսպանատուն Դամասկոս, Ամերիկեան դեսպանատուն 

Դամասկոսի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան բացում

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարաք այցելեց Դամասկոս, ուր բացումը կատարեց Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, որ 2012 թուականին փակուած էր:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարաք երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր բացումը կատարեց Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, որ 2012 թուականին փակուած էր:

«(Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի ջանքերը յօգուտ սուրիական նոր կառավարութեան կը թափուին», յայտնեց Պարաք` նշելով. «Թրամփ Սուրիոյ վերաբերեալ յանդուգն որոշում մը տուաւ առանց պայմաններու կամ պահանջներու»:

«Ձեզի կը փոխանցեմ Թրամփի յանձնառութիւնը եւ զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

Պարաք «Արապիա»-ին յայտնեց, թէ Սպիտակ տան ղեկավարը «մօտ օրէն Սուրիան ահաբեկչութեան չզօրակցող պետութիւն պիտի յայտարարէ»:

Ան նշեց, թէ Թրամփի նպատակը «Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան հզօրացումն է»:

«Սուրիոյ մէջ մեր ուժերուն առաքելութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալն է», աւելցուց Պարաք` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն աշխատանք պիտի տանի «Սուրիոյ մէջ առեւտուրը քաջալերելու` ձերբազատուելու համար պատժամիջոցներու ազդեցութենէն»:

Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ յայտնեց. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, եւ կը կարծեմ, որ կարիքը ունինք սկսելու միայն յարձակում չգործելու համաձայնութեամբ եւ սահմաններու վերաբերեալ խօսակցութեամբ»:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին հետ միատեղ Սուրիոյ հարցով իր երկրի յատուկ պատուիրակի պաշտօնը վարող Պարաք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու նստավայրին վրայ ամերիկեան դրօշը բարձրացնելով անոր բացումը կատարելէն ետք, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 08:15