Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Վարքի ու Գործունէութեան մասին զարգացման մրցում
Ուրբաթ, 23 Մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանէն ներս, տեղի ունեցաւ յատուկ զարգացման մրցում՝ նուիրուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին։ Այս հոգեւոր-ուսումնական ծրագիրը կազմակերպուած էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարաններու 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մրցումին նպատակն էր ծանօթացնել Մալոյեանի՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նահատակ արքեպիսկոպոսի վարքին, անոր հաւատքին, անձնուիրումին եւ նահատակութեան ի սէր ՀԱՅ եկեղեցւոյ եւ ՀԱՅ ազգին։
Իւրաքանչիւր խմբակ ստացած էր Հայ սուրբի մը անունը: Աշակերտները, միաբանօրէն աշխատելով խմբակներու մէջ, պատասխանեցին պատմական տեղեկութիւններու, որոնց ընդմէջէն արտայայտուած էր Մալոյեանի հերոսական ու սրբակենցաղ կեանքը, մինչեւ իր նահատակութիւնը 1915-ին՝ Օսմանեան բռնապետութեան ձեռքով։
Մրցումի աւարտին վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները, որոնք սորվեցան մեր նոր սուրբին վարքին մասին, գնահատեց անոնց աշխատանքն ու խանդավառ մասնակցութիւնը, շնորհակալական խօսքեր ուղղեց զոյգ վարժարաններու հայերէնի ուսուցչուհիներուն, պատասխանատուներուն, դատակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան քաջալերեց բոլորը աղօթելու եւ խնդրելու Ս. Իգնատիոսի բարեխօսութիւնը, քանի որ Սուրբ Մալոյեանի կեանքը օրինակ մըն է՝ հաւատքի, ազգային սիրոյ, հաւատարմութեան եւ անձնազոհութեան, անիկա նահատակուեցաւ՝ որովհետեւ մերժեց ուրանալ Քրիստոսը եւ հայութիւնը:
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն պրն. Կրեկուար Գալուստ իր կարգին յիշեց տարիներու աւանդութիւն դարձած զոյգ վարժարաններու 6-րդ դասարաններու հանդիպումները, որոնք հաւատարմաբար կը շարունակուին, յատկապէս գնահատեց այս տարուան ձեռնարկը, որ նուիրուած է Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին: Մեծարանքի խօսք ուղղեց մեր նոր նահատակ սուրբին, որ արեան նահատակութեամբ կնքեց իր սրբադասումը: Կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ անոնք երբ որեւէ բան կ’ուզեն խնդրել Աստուծմէ՝ ոչ միայն անձնական, այլ ազգային ու հոգեւոր, ի սրտէ դիմեն Ս. Իգնատիոսի բարեխօսութեան, որովհետեւ հայ ազգիս համար բարեխօսող նոր սուրբ մը աւելցաւ մեր սուրբերու հոյլին:
Տնօրէններու խօսքէն ետք յայտարարուեցաւ բարձրագոյն արդիւնքը ստացող խմբակին անունը, որուն անդամները պարգեւատրուեցան Ս. Իգնատիոսի պատկերը կրող յատուկ յուշանուէրներով, իսկ բոլոր մասնակիցները ստացան, այս առթիւ տպագրուած, սուրբին պատկերով «Աղօթք առ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» յատուկ աղօթքի բացիկներ՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Վարժարանիս հոգեւոր վարիչ հայր Լեւոն վրդ. Ստեփան, գնահատական խօսք փոխանցելէ ետք, աշակերտներուն պատմեց սուրբին կեանքէն դրուագ մը՝ նախքան նահատակուիլը, ապա բոլոր ներկաները վարդապետին հետ միասնաբար կարդացին բաշխուած աղօթքը:
Հայ աշակերտներուն հոգեմտաւոր զարգացում փոխանցելը, անոնց ինքնութեան ամրապնդումն ու հայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան գիտակցութեան հասցնելը՝ Հայ Կաթողիկէ վարժարանին գրաւականն է:
Այբիւրը `Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ