Հայաստանի անկախութեան եւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի անուանակոչութեան տօները նշուեցան մայրավանքին մէջ
Հայ եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայկական ինքնութիւնը ամրացնող իրարու աղերսուած գոյակցութիւններ են։ Այս գծով, հայ եկեղեցին, զանազան առիթներով, իր Սուրբ Խորանէն խունկի քուլայի հետ առ Աստուած կ՚առաքէ յատուկ աղօթքներ, որպէսզի երկնային օրհնութիւններով պարուրէ մեր Հայրենիքը, իմաստութիւն շնորհէ ազգիս ղեկավարութեան եւ անսասան ու ամուր պահէ հայ եկեղեցին ու ազգը։ Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 107 ամեակին առիթով, Կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարին ամէն տարի կը կատարուի Գոհաբանական Աղօթք (Հանրապետական Մաղթանք), Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ անկախութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր ազգի քաջամարտիկ հերոսներու հոգիներուն համար։
Առ այդ, Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրեր բարձրացան Սուրբ Խորան, ուր կատարուեցաւ Գոհաբանական Աղօթք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 107 ամեակին առիթով։ Արտասանուած աղօթքներու, երգուած շարականներու եւ ընթերցուած սաղմոսներու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս աղօթեց. «օրհնէ՛, ո՜վ Տէր, մեր Հայրենի երկիրը, ուր երանութեան դրախտը հաստատեցիր աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ։ Մեր եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները զարդարէ՛ յառաջդիմութեամբ ու սրբութեամբ եւ պահպանէ՛ զանոնք թշնամիներէն»։ Յիշեալ արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Կաթողիկոսին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն։ Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդին պատգամը։
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ նշեց, որ տուն հասկացողութիւնը բնակարան ըլլալէ անդին նաեւ պատկանելիութեան ու ինքնութեան իմաստը կը բովանդակէ իր մէջ։ Մեր ժողովուրդին համար Հայրենիքն ու հայ եկեղեցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը տուն են՝ կառուցուած ժայռի վրայ։ Ան ըսաւ, որ Հայրենիքին անկախութիւնը վտանգի մէջ է այսօր։ Անոր անկախութիւնը կրնանք պահել, երբ լոկ չերազենք ու չսիրենք զայն, այլ անոր արժէքներուն շուրջ համախմբուելով՝ գործնապէս արտայայտենք մեր ունեցած կապուածութիւնը, սէրն ու երազանքը՝ որպէս մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ եկեղեցի։
Քարոզիչ հայր սուրբը ապա անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի անուանակոչութեան տօնին։ «Ձեր 30-ամեայ գահակալութիւնը խաղաղ ու հանգստաւէտ գահակալութեան տարիներ չեղան, այլեւ յորդած գետերու առաքելութիւն՝ տագնապներով, մարտահրաւէրներով ու մտահոգութիւններով լեցուն։ Սակայն Դուք, Վեհափառ Տէր, Պետրոս առաքեալի ժայռեղէն հաւատքը եւ Արամ Մանուկեանի առաջնորդելու կարողութիւնը միախառնելով Ձեր հաւատքին ու Աստուածային տաղանդին՝ յաղթահարեցիք բոլոր խոչընդոտները եւ Ձեր ժողովուրդը առաջնորդեցիք դէպի խաղաղ ու ապահով ափեր։ Իմ միաբանակից երէց թէ կրտսեր եղբայրներու անունով կը շնորհաւորեմ Ձեր անուանակոչութեան տօնը, Վեհափառ Տէր, եւ կը վերանորոգեմ մեր հաւաքական ուխտը՝ միշտ հաւատարիմ մնալ մեր Սուրբ Աթոռին, Հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ» եզրափակեց իր քարոզը հայր սուրբը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ մեր ազգի քաջամարտիկ զաւակներու հոգիներու համար, որոնք Հայրենիքի պաշտպանութեան ու ազատութեան ի խնդիր, 1918 թուականին Սարդարապատի ու այլ պատերազի դաշտերուն վրայ զոհուեցան։
Նշենք, որ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդի խումբ մը բժիշկներ, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի։
Սուրբ Պատարագի մատուցումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորած թափօրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ձօնուած Հայրապետին անուանակոչութեան տօնին։ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով ընթացք առաւ յայտագիրը, որմէ ետք Դպրեվանքի աշակերտները փունջ մը ազգային երգեր հրամցուցին։
Յանուն Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան ուղերձ արտասանեց Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան։ Անդրադառնալով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան՝ ան ըսաւ. «Կիրակի, 16 Յունիս 1968-ի ՀԱՍԿը կը գրէ. «սրբազանը Միւռոնը ձեռին կը մօտենայ ընծայեալներուն, մինչ ամբողջ եկեղեցին մէկ սիրտ եղած կը սպասէ նոր մարդերու յառնումին. կ՚օծէ իր ճակատն ու ձեռքը վերակոչելով զինք Տ. Արամ քահանայ»: Ահա նոր նուիրում մը, նոր զոհողութիւն մը նման մեր հերոսներուն. հերոս Արամ Մանուկեանի անմոռաց յիշտակին՝ Արամ վերանուանեալ Պետրոս Սրկ., իր ամբողջ կեանքը պիտի ձօնէր իր եկեղեցւոյն ու Հայրենիքին. այդ ձօնն ու նուիրումը իր բացարձակ գագաթնակէտին պիտի հասնէր, երբ օր մը նոյնինքն Արամ նորապսակ աբեղան՝ արժանաւորապէս պիտի բազմէր Շնորհալիի գահուն…»։ Հայր սուրբը ընդգծեց Նորին Սրբութեան անզուգական ծառայական առաքելութիւնը. «Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս իբրեւ բարձր հեղինակութիւն՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ տէրն ու տիրականն է մեր ազգային իրաւունքներուն եւ բարօրութեան… աշխարհացրիւ հայութեան գգուալիր-քաղցր ձայնն է, զոր ամէնքը կը կանչէ դէպի արմատ, դէպի ինքնութիւն, դէպի ազգային-քրիստոնէական արժէքներ…»։
Հուսկ իր հայրապետական պատգամը յղեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան շեշտեց Մայիս 28-ի ոգին ու խորհուրդը եւ կոչ ուղղեց շարունակել Հայաստանի անկախութեան հզօրացման պայքարը։ Ան ըսաւ, որ այսօր վտանգուած է Հայաստանի անկախութիւնը, ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Մեր Հայրենիքի գոյութեան ու անկախութեան ամրապնդումը համազգային տագնապ է ու պայքար։ Ա՛յս կը յիշեցնէ այսօր մեզի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը եւ Մայիս 28-ի նշումը։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Կաթողիկոսարանի հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդը՝ ընդգծելով, թէ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելը Աստուածահաճոյ գործ է. Քրիստոս կ՚ըսէ. «որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40)։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով գնահատեց Խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանը, որ ամբողջական նուիրումով լծուած է յիշեալ մարդասիրական ծառայական առաքելութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ