MAP

«Հայ ճամբար 2025»՝ ֆլամանտալեզու հայ երեխաներու եւ պատանիներու համար «Հայ ճամբար 2025»՝ ֆլամանտալեզու հայ երեխաներու եւ պատանիներու համար 

«Հայ ճամբար 2025»՝ ֆլամանտալեզու հայ երեխաներու եւ պատանիներու համար

Արդէն երկրորդ տարին է որ կը կազմակերպուի նման նախաձեռնութիւն եւ ունի ակնյայտ աճի միտում։ Եթէ 2024-ին ճամբարը հիւրընկալած էր շուրջ 100 մասնակից, ապա այս տարի անոնց թիւը կը հասնի 175-ի, որոնցմէ 142-ը երեխաներ են, իսկ 33-ը՝ երիտասարդ ջոկատավարներ։

Հինգշաբթի, 29-ը Մայիս 2025թ․, Գերշ․ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ, Նիդերլանտներու հիւսիսային Սոմերէն քաղաքի մէջ, սկիզբ առաւ «Հայ Ճամբար 2025»-ը՝ նախատեսուած ֆլամանտալեզու հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար։ Ճամբարը /բանակումը/ պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի՝ Յունիսի 1-ը։

Ճամբարի վերջին օրը նախատեսուած էր է մասնակիցներու ներկայութիւնը Սուրբ Պատարագին, որմէ ետք միասին պիտի ճաշէին եւ նորանոր յիշողութիւններով ու տպաւորութիւններով պիտի վերադառնային իրենց տուները։

Արդէն երկրորդ տարին է որ կը կազմակերպուի նման նախաձեռնութիւն եւ ունի ակնյայտ աճի միտում։ Եթէ 2024-ին ճամբարը հիւրընկալած էր շուրջ 100 մասնակից, ապա այս տարի անոնց թիւը կը հասնի 175-ի, որոնցմէ 142-ը երեխաներ են, իսկ 33-ը՝ երիտասարդ ջոկատավարներ։ Բացի այդ, ծրագիրը դարձած է աւելի երկարատեւ՝ ներառելով լրացուցիչ մէկ օր։

2025 ճամբար
2025 ճամբար

Ճամբարի երեք օրերուն ծրագիրը կառուցուած էր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային բաղադրիչներու շուրջ։ Ամէն օր կը սկսի եւ կ՛աւարտի աղօթքով՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով հոգեւորականներուն ներշնչող խօսքերով ու թեմատիկ զրոյցներով ուղեկցիլ մասնակիցներու ընթացքին։

Ծրագիրի մէջ ներառուած են հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացքներ, ժողովրդական պարեր, մարզական խաղեր ու խմբային /թիմային/ վարժանքներ։

Յատուկ կարեւորութիւն տրուած է եկեղեցական դաստիարակութեան։ Ճամբարի ընթացքին երեխաները՝ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ, անձամբ կը պատրաստեն նշխարներ, որ կը բացայայտէր անոնց հոգեւոր խորհուրդը։ Օրհնուած նշխարները պատարագէն ետք կրնային տուն տանիլ՝ որպէս յիշատակ։

Մէկ այլ արժէքաւոր փորձառութիւն է իւրաքանչիւրի համար իր անձնական աղօթքը կազմելն ու ընթերցելը աղօթքի ընդհանուր պահերու ընթացքին։ Այս բացայայտումները կ՛օգնեն երեխաներուն ձեւաւորել խոր եւ անձնական կապ իրենց հաւատքի հետ։

Երեկոյեան ժամերուն ճամբարը կը վերածուի համայնքային ուրախութեան հարթակի։ Նախատեսուած է տաղանդներու բացայայտում, որու ընթացքին երեխաները հանդէս կու գան իրենց ունակութիւններով՝ երգ, երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն, դերախաղ կամ այլ կատարումներով։

«Հայ Ճամբար 2025»-ը ոչ միայն ամառնային հանգիստի եւ ժամանցի, այլեւ հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային ինքնութեան ամրապնդման բացառիկ հարթակ է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2025, 07:30