Պեռնի մէջ՝ Հայկական մշակոյթի շաբաթ եւ միջազգային համագումար՝ նուիրուած Արցախի Հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան
26էն 28 Մայիսին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային տարողութեամբ մշակութային եւ մարդասիրական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը՝ Հայկական ժառանգութեան շաբաթը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) նախաձեռնութեամբ, Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ հետ գործակցութեամբ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք կազմակերպիչներուն մամլոյ ասուլիսէն։
27 Մայիսին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:
Նախաձեռնութիւնը իր շուրջ համախմբեց աստուածաբաններ, իրաւաբաններ, իրաւապաշտպաններ, քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ եւ զանազան դաւանանքներու ներկայացուցիչներ աշխարհի զանազան անկիւններէ՝ դառնալով մշակութային ցեղասպանութեան կանխարգիլման, յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ տեղահանուած ժողովուրդներու իրաւունքներու շուրջ երկխօսութեան հարթակ մը:
Համագումարը կը կրէ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրը։
Համագումարին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Ռիթա Ֆամոս եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եւ WCC Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ Վիգէն արք. Հայկազեան, յայտնի փորձագէտներ միջազգային իրաւունքի ոլորտէն, ներառեալ՝ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ:
Համագումարին մասնակցողները քննարկեցին Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ յուշարձաններու փաստագրուած քանդումները, որոնք, այլոց կողքին, ներկայացուած են Caucasus Heritage Watch կազմակերպութեան արբանեակային տուեալներու, ինչպէս նաեւ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի ցուցահանդէսին ներկայացուած քննարկումներուն եւ անձնական վկայութիւններուն միջոցով:
Համաժողովը դարձաւ ոչ միայն վերջին հակամարտութիւններու ողբերգական հետեւանքներու վերլուծութեան վայր մը, այլ նաեւ միջազգային քրիստոնէական հանրութեան համերաշխութեան արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդին հետ:
Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղղուած առաջարկներու մշակման, յատկապէս կոչ ուղղելով՝ անյապաղ ընդունելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի անկախ առաքելութիւնը` գնահատելու հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակը ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ:
«Սրբավայրերու աւերումը ոչ միայն յանցագործութիւն է ժողովուրդին դէմ, այլ նաեւ հարուած մարդկութեան ընդհանուր յիշողութեան», կ՛ըսուի կազմակերպիչներուն պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
Համագումարի բացման նիստին խօսք առին երկու կաթողիկոսները՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ անձամբ ներկայ եղաւ եւ արտասանեց իր խօսքը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ տեսերիզի մը միջոցով Անթիլիասի մայրավանքէն յղեց իր խօսքը:
Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գնահատեց համաժողովին կազմակերպիչները եւ աջակիցները, որոնց ջանքերուն շնորհիւ անգամ մը եւս միջազգային հարթակէ մը լուսարձակի տակ բերուեցան Արցախի` Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէն ետք հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:
«21րդ դարում, որ ազգերի ու պետութիւնների կեանքում պիտի նշանաւորուէր խաղաղութեան, համերաշխութեան ու արդարութեան հաստատմամբ, ցաւօք, ականատես ենք պատերազմների, թշնամանքի ու ատելութեան հիմքի վրայ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնների ու էթնիկ (ցեղային) զտումների, ինչպէս եւ կրօնական ազատութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքների ոտնահարման դատապարտելի դէպքերի: Այս արհաւիրքները վերապրեց նաեւ մեր ժողովուրդը Թուրքիայի ռազմական աջակցութեամբ Ադրբեջանի կողմից Արցախի նկատմամբ իրականացուած ագրեսիայի (յարձակումի) ու ոճրագործութիւնների հետեւանքով: 2020 թուականից սանձազերծուած 44օրեայ եւ ապա նաեւ 2023 թ. լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնների ընթացքում բռնազաւթուեց եւ ամբողջապէս հայաթափուեց Արցախը: Գրաւուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային կենսական նշանակութիւն ունեցող զգալի տարածքներ, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացում ներկայացւում են նորանոր պահանջներ: Ադրբեջանը պատանդառուած է պահում Արցախի քաղաքական ղեկավարների, քաղաքացիական անձերի եւ ռազմագերիների` իրականացնելով նրանց նկատմամբ ցուցադրական, շինծու դատավարութիւն` միջազգային իրաւական նորմերի աղաղակող խախտումներով: Ակնյայտ է, որ այսօրինակ անօրինութիւններն ու նուաստացուցիչ դաժանութիւնները, պայմանաւորուած են բացառապէս ազգային պատկանելիութեամբ եւ հայատեացութեամբ, որը եւ պատճառ է ոտնձգութիւնների հայ ժողովրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու պատմական սրբավայրերի նկատմամբ», ըսաւ Գարեգին Բ.՝ ընդգծելով, որ արցախահայութիւնը դարերով հայրենի իր երկրին մէջ հաւատքով եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ ոգիով կերտած է իր արժանապատիւ գոյութիւնը, դպրութեան եւ արուեստի բարձրարժէք արարումներով նաեւ հարստացուցած է մարդկութեան մշակութային գանձարանը:
Ան ցաւով արձանագրեց, որ Արցախի բռնագրաւումէն ետք մինչեւ այսօր կը շարունակուի Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հնագոյն յուշարձաններու, քրիստոնէական սրբավայրերու, բնակատեղիներու եւ գերեզմաննոցներու բարբարոսաբար ոչնչացումը: Ատրպէյճան հայոց հնամենի նշանաւոր վանքերը եւ եկեղեցիները ինքնութենէ զրկելու քաղաքականութեամբ՝ աղուանական կը հռչակէ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը:
Գարեգին Բ. դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել միջազգային հանրութեան կոչերը, կը մերժեն կատարել Եւրոպական խորհրդարանի պահանջները, կը մերժեն Արցախի հայկական յուշարձաններու վիճակի գնահատման ուղղութեամբ փաստահաւաք առաքելութիւն մը իրականացնելու՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախաձեռնութիւնը։
Նշելով, որ մշակութային ոճրագործութիւնները աշխարհագրական սահմաններ չեն ճանչնար եւ ամէնուր են, Գարեգին Բ. շեշտեց. «Բարբարոսական այսօրինակ ոճրագործութիւնների անպատժելիութիւնը ամենաթողութեան մթնոլորտ է ձեւաւորում ոչ միայն Ադրբեջանի մշակութակործան ոճիրները շարունակելու համար, այլ նաեւ նախադրեալներ է ստեղծում եւ քաջալերանք հանդիսանում նմանատիպ եւ աւելի դաժան յանցագործութիւնների իրականացման աշխարհի այլ վայրերում»։
Ապա՝ դիմելով համաժողովի մասնակիցներուն՝ կաթողիկոսը ընդգծեց. «Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան հարցն աւելի քան երբեւէ հրատապ է այսօր, երբ Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդը զրկուած է սեփական հողի վրայ ապրելու եւ արարելու, դարերով իր հաւատքով կերտած մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու իրաւունքից: Ժամանակակից աշխարհում չպէտք է հանդուրժուեն մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ նման սոսկալի եղեռնագործութիւններ, ազատութեան, արդարութեան ու իրաւունքի հիմնասիւները խարխլող արարքներ: Այո՛, ազգերի միջեւ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուեն խաղաղ ուղիներով, արդարութեամբ ու փոխհամաձայնութեամբ, ազգային ինքնութեան ու արժանապատուութեան յարգմամբ»:
Մեծապէս կարեւոր նկատելով այսպիսի համագումարները՝ Գարեգին Բ. յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միջազգային դերակատար երկիրները եւ իրաւասու կառոյցները գործուն քայլերու պիտի ձեռնարկեն` Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արցախահայութեան` իր հարազատ բնօրրանը ապահով վերադառնալու, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու արդար իրաւունքի վերականգնման եւ հայ գերիները շուտափոյթ ազատ արձակելու ուղղութեամբ:
Աւարտին կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն` դժուար իրավիճակի մէջ հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ զօրակցելու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով հետեւողականութիւն դրսեւորելու համար։
Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ, համագումարի հայ եւ օտար մասնակցողներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.
«ա) Արցախի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ օրէ-օր մեր կրօնական, մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը Ատրպէյճանի պետութեան հովանաւորութեամբ քանդումի կ՛ենթարկուի ծրագրուած ձեւով։
«բ) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2023ին եւ կը շարունակուի այսօր՝ ցեղասպանութիւն է. 1915ի Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը նոր մեթոտաբանութեամբ եւ աճող ուժգնութեամբ այսօր կը գործադրուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Ի մի բան՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։
«գ) Միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ հայորդիներուն իրենց հայրենիքը՝ Արցախ վերադարձը։ Եկեղեցիներուն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն արձագանգել այս քայլերուն եւ արդարութեան վերահաստատման մասնակիցներն ու վկաները դառնալ։
«դ) Այս համագումարը կոչուած է յայտարարութիւն կատարելէ անդին ուղեցոյց հանդիսանալու Արցախի դատի հետապնդման, մեր գերիներու ազատագրման, մեր ժողովուրդի զաւակներու Արցախ վերադարձին եւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան վերահաստատման»։
Նախատեսուած է, որ համագումարի աւարտին որդեգրուի միացեալ հռչակագիր մը` «Պեռնի յայտարարութիւնը», որ կոչ պիտի ուղղէ՝ պաշտպանելու հայկական ժառանգութիւնը եւ դաւանանքի ազատութիւնը:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ