Պաքու միջազգային անկախ դիտորդներուն եւ փորձագէտներուն կ՛արգիլէ Հայերուն դատավարութիւններուն մասնակցիլ
Ատրպէյճան արգիլեց միջազգային անկախ դիտորդներուն, փորձագէտներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն Պաքուի մէջ ընթացող հայերու դատավարութիւններուն մասնակցիլ:
Ըստ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի ղեկավար եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Սիրանուշ Սահակեանի՝ նիստերուն մասնակցիլ փափաքողները նոյնիսկ հետապնդումներու ենթարկուած են: Արցախի նախկին նախագահներուն եւ միւս պաշտօնատարներու դատավարութենէն անջատ Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կ՛ընթանայ Ռուբէն Վարդանեանի դատաքննութիւնը:
«Նրանց հարցաքննել են, ողջ շարժի ընթացքում հետեւել են եւ տարբեր ուժային ահաբեկող մեթոդներով փորձել են վախեցնել անձին: Այստեղ ոչ միայն սովորական արգելքներ են ներկայացւում, այլ նաեւ հետապնդում յիշեցնող քայլեր են իրականացւում բոլոր այն անձանց նկատմամբ, ովքեր ցանկութիւն ունեն ներկայ գտնուել հռչակուած բաց դատավարութիւններին», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Սահակեան, որ ներկայիս չի բացայայտեր, թէ որո՛նք կամ ի՛նչ կազմակերպութիւններու անդամներ Պաքուէն մերժումներ ստացած եւ հետապնդուած են: Ըստ անոր՝ զանոնք դարձեալ թիրախ չդարձնելու նպատակով ձեռնպահ կը մնայ անուններ հրապարակելէ: Նոյն ատեն, Սահակեան չի բացառեր, որ հետագային կրնան բացայայտումներ կատարուիլ:
«Այնտեղ անձինք իրենց ցանկութիւններով գտնուելու հնարաւորութիւն չունեն, ցուցակագրւում են նախապէս, անունները համաձայնեցւում են ադրբեջանական պետական մարմինների կողմից, այդ տեղեկատուութիւնը անձանց կողմից ստացուած ամբողջովին վերահսկւում է պետութեան կողմից, եւ անկախ երրորդ անձինք զրկուած են դատավարութեանը ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնից», ըսաւ Սահակեան:
Տարեսկիզբին մեկնարկած` Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայերու դատավարութիւնը կ՛ընթանայ փակ դռներու ետին` առանց անկախ փաստաբաններու ու լրատուամիջոցներու ներկայութեան:
Ըստ ատրպէյճանական կողմի ձեւակերպումին՝ Պաքուի ռազմական դատարանը վերջին նիստերուն կը քննէ Շուշիի եւ Մարտունիի «բռնագրաւումները»: Անոնց ընթացքին պարբերաբար կը շեշտեն Արցախի ու Հայաստանի նախկին ղեկավարներու անունները: Իբրեւ վկաներ ներկայացուող անձերը հայերը կը մեղադրեն սպանութիւններու, խաղաղ բնակիչները թիրախ դարձնելու եւ տեղահանելու մէջ: Բայց կարելի չէ գիտնալ փաստերու մասին, մանաւանդ որ դատավարութիւնը լուսաբանող միակ լրատուամիջոցը` «Ազերթաճ»ը, նիստերէն կցկտուր տեղեկութիւններ կը հրապարակէ նոյն օրը, յաջորդ օրն ալ` տեսանիւթ մը: Անկախ աղբիւրներէն կարելի չէ ստուգել Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցին յայտնած տեղեկութիւնները։
Սահակեան յայտնեց, որ ասիկա կը փաստէ, թէ Պաքու կը փորձէ խմբագրումներով՝ կեղծ եւ մտացածին դատավարութեան իրականութեան նմանակումը տալ: «Մեծ ժամանակային խզում կայ, օրինակ` դատավարութիւնները ոչ թէ անմիջականօրէն են լուսաբանւում, այլ մէկ-երկու օր վերամշակւում են նիւթերը, որից յետոյ պետութեան թոյլտուութեամբ նոր արտահոսք է տեղի ունենում: Եւ մենք ունեցանք թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանի եւ թէ Բաբայեանի պարագայում ուղիղ խօսք` ընտանիքների միջոցով, առ այն, որ նրանց մտքերը ձեւախեղւում են, եւ դատավարութեան ընթացքում հնչեցուած յայտարարութիւնները ոչ ամբողջական, ոչ ճշգրիտ կերպով են ներկայացւում հանրութեանը», ընդգծեց Սիրանուշ Սահակեան` շարունակելով. «Սա, իմ գնահատմամբ, ադրբեջանական կեղծարարական քաղաքականութեան որոշակի դրսեւորում է», ըսաւ Սահակեան՝ շեշտելով, որ, հակառակ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան փոփոխութեան, պէտք չէ բացառել, որ Ուաշինկթըն կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Պաքուի վրայ` գերիներու ազատ արձակման հարցով:
«Ամերիկեան կողմը ունի բաւարար ռեսուրսներ (միջոցներ), եւ մենք կոնկրետ (յստակ) օրինակով էլ հասկացել ենք այդ ռեսուրսների արդիւնաւէտութիւնը, օրինակ` 2022 թուականին, երբ ագրեսիա (յարձակում) տեղի ունեցաւ Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքի նկատմամբ, եւ գերեվարուեցին երեք տասնեակից աւելի հայ զինծառայողներ, ամերիկեան ջանքերի շնորհիւ նրանց ազատ արձակումը հնարաւոր եղաւ երկու շաբաթեայ ժամանակահատուածում. սա աննախադէպ ցուցանիշ էր, եւ սա վկայում է, որ ամերիկեան, ադրբեջանական-ամերիկեան-թուրքական յարաբերութիւններում կան այնպիսի կենսական կոմպոնենտներ (բաղադրիչներ), որոնց առաջնահերթութիւն տալով հնարաւոր է հասնել այլ բնոյթի խնդիրների կարգաւորման», ըսաւ Սահակեան:
Աւելի կանուխ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան, այժմ արդէն նախկին, խորհրդականը Պաքուին կոչ ուղղած էր՝ հայ գերիները ազատ արձակելու։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ