MAP

 Հայ Գերիները Հայ Գերիները 

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, «ուսումնասիրուած են Ազրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան դէմ Հայաստանի զինուած ուժերուն իրականացուցած յանցագործութիւններուն հետ կապուած փաստաթուղթեր»:

Պաքուի դատարանին մէջ հինգշաբթի օր շարունակուած է հայ գերիներու` Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան` Արայիկ Յարութիւնեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Բաբայեանի եւ միւսներու գործով դատավարութիւնը:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, «ուսումնասիրուած են Ազրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան դէմ Հայաստանի զինուած ուժերուն իրականացուցած յանցագործութիւններուն հետ կապուած փաստաթուղթեր»:

Նիստին մասնակցած են «տուժողները, անոնց իրաւայաջորդներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեղադրող կողմի դատախազները»:

Կը նշուի, որ Դաւիթ Իշխանեանը յայտարարած է, որ ինքն ու Դաւիթ Բաբայեանը կը ցանկան ծանօթանալ 26 մայիսի դատական նիստի արձանագրութեան: Դատաւոր Զէյնալ Աղայեւ արձագանգած է ըսելով, որ «պիտի ապահովուի դատական նիստի արձանագրութեան վերանայումը` հայոց լեզուի թարգմանիչի մասնակցութեամբ»:

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, դատական նիստի ընթացքին «տուժածները» պատասխանած են նաեւ Դաւիթ Մանուկեանի ու Լեւոն Մնացականեանի հարցումներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2025, 08:00