MAP

Missile launched from Yemen hits Israel's Ben Gurion airport

Եմէնէն արձակուած հթիռ մը հարուածեց Թել Աւիւի միջազգային օդակայանը

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնաց «եօթնապատիկ» ուժգնութեամբ հակադարձել «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ ինկած հրթիռին: «Ան որ մեզի կը հարուածէ, այդ հարուածին եօթնապատիկով պիտի հարուածուի», յայտարարեց Քաց:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Եմէնէն արձակուած հրթիռ մը ինկած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանի երրորդ կայարանի շրջանին մէջ, որուն պատճառով շրջանին մէջ ծուխ բարձրացած է եւ օդանաւներու էջքերն ու թռիչքները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գնացքներու աշխատանքը դադրած է:

Դաւիթի կարմիր աստղը կը հաղորդէ, որ վիրաւորներ արձանագրուած են:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հակահրթիռային համակարգերը «չյաջողեցան հրթիռը վնասազերծել»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ ապահովական ծառայութիւններու գնահատականին համաձայն, «Հեց 3» եւ «Թատ» համակարգերը ձախողած են Եմէնէն արձակուած հրթիռը վնասազերծել:

Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց. «Իսրայէլի մէջ կայ այն մտավախութիւնը, որ օդանաւային ընկերութիւնները` թիրախաւորուելէ վախնալով, վերատեսութեան ենթարկեն «Պեն Կորիոն» օդակայան իրենց թռիչքները»:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց «Պեն Կորիոն» օդակայան չգալու:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Պեն Կորիոն» օդակայանի միջադէպը համաշխարհային մակարդակի զարգացում է: Իսրայէլեան կայք մը իր կարգին նշեց. «Պեն Կորիոն»-ի դէպքը պէտք չէ չափազանց ուժեղ հակադարձութեան արժանանայ, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ ասիկա պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն վտանգաւոր գործողութիւնն էր»:

Ապահովական աղբիւրներ իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Իսրայէլ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ «Պեն Կորիոն» օդակայանի թիրախաւորման»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մըն ալ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պեն Կորիոն»-ի թիրախաւորումէն ետք մենք մեզ որեւէ սահմանափակումով պարտաւորուած չենք նկատեր»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնաց «եօթնապատիկ» ուժգնութեամբ հակադարձել «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ ինկած հրթիռին: «Ան որ մեզի կը հարուածէ, այդ հարուածին եօթնապատիկով պիտի հարուածուի», յայտարարեց Քաց:

Իսրայէլեան «Ազգային միասնականութիւն» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Պենի Կանց Իրանը ամբաստանեց Իսրայէլի վրայ թեւաւոր հրթիռներու արձակումներու ետին կանգնելու յանցանքով եւ զայն անոնց համար ամբողջական պատասխանատու նկատեց:

Կանց նշեց, որ «Պեն Կորիոն» օդակայանին վրայ յարձակումը «պէտք է Թեհրանի մէջ խիստ հակադարձութեան յանգեցնէ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2025, 08:00