MAP

Wizz Air ընկերութիւնը Wizz Air ընկերութիւնը  

Wizz Air ընկերութիւնը Հայաստանէն դէպի եւրոպական 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ պիտի կատարէ

Wizz Air Երեւանէն թռիչքներ պիտի կատարէ հետեւեալ ուղղութիւններով. Համպուրկ, Մեմինկեն (Գերմանիա), Նափոլի, Պառի (Իտալիա), Պուքրէշ (Ռումանիա), Փաֆոս (Կիպրոս), Նիս (Ֆրանսա), Փրակա (Չեխիա)։

Հունգարական Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է Հոկտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի եւրոպական 6 երկիրներու 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ սկսելու մասին։

Լուրը կը հաղորդէ ընկերութիւնը Դիմագրքի իր էջին գրառումով։

«Գիները կը սկսին ընդամէնը 29,99 եւրոյէն։ Սա նոր մեծ քայլ մըն է ճամբորդութիւնները բոլորին համար աւելի մատչելի դարձնելու համար»,– յայտարարած է օդանաւային ընկերութիւնը։

Wizz Air Երեւանէն թռիչքներ պիտի կատարէ հետեւեալ ուղղութիւններով. Համպուրկ, Մեմինկեն (Գերմանիա), Նափոլի, Պառի (Իտալիա), Պուքրէշ (Ռումանիա), Փաֆոս (Կիպրոս), Նիս (Ֆրանսա), Փրակա (Չեխիա)։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2025, 07:00