MAP

Սարդարապատ Սարդարապատ&Բ;

Այսօր Մայիս 28-ն է՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման օրը

1992-էն ի վեր Մայիս 28-ը պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Հանրապետութեան օր։

Հայ ժողովուրդը Մայիս 28-ին կը նշէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրը։ 1918-ի այս օրը վերականգնուեցաւ դարեր շարունակ խաթարուած հայկական պետականութիւնը։ Մայիսին՝ Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի մէջ, հայկական կանոնաւոր զօրքերը եւ կամաւորները կենաց-մահու ճակատամարտերով յաղթանակ տարին թուրք հրոսակներու դէմ եւ կասեցուցին անոնց առաջխաղացումը։

Մայիսեան յաղթանակով վերականգնուեցաւ հայ ժողովուրդի շուրջ 9 դար առաջ կորսուած անկախութիւնը։ Մայիս 26-ին լուծարուեցաւ Անդրկովկասեան Սէյմը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը անկախութիւն ստացած էին, եւ հերթը հասաւ Հայաստանին. Մայիս 28-ին Հայոց Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը։

«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծարումով եւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը ինքզինք կը յայտարարէ հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով մօտիկ օրերուն թողելով Հայոց Ազգային Կառավարութեան կազմութիւնը՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ կառավարական բոլոր գործառոյթները՝ հայկական գաւառներու քաղաքական ղեկը վարելու»։ Այս խօսքերով ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը։

Արդէն Յունիս 4-ին Պաթումի մէջ ստորագրուեցաւ հայ-թրքական հաշտութեան պայմանագիրը, եւ 11 հազար քառակուսի քիլոմեթրի վրայ ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կարճ ժամանակի մէջ ստեղծեց պետութեան համար բնորոշ բոլոր խորհրդանիշերը, ընտրեց խորհրդարան (նախագահ՝ Աւետիք Սահակեան), ձեւաւորեց կառավարութիւն (վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի)։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կեանքը միայն երկու տարի տեւեց․ 1920թ․ Դեկտեմբեր 2-ին Հայաստանը բռնազաւթուեցաւ բոլշեւիկեան 11-րդ Կարմիր բանակի կողմէ։

1968-1978 թուականներուն Սարդարապատի մէջ կառուցուեցաւ յուշահամալիր, նուիրուած 1918թ․ Մայիս 22-28-ին Սարդարապատի մէջ թրքական զաւթիչներու դէմ մղուած պատմական ճակատամարտին։ Յուշահամալիրի բացումը տեղի ունեցաւ հերոսամարտի յիսնամեակ տարեդարձին օրը։

1992-էն ի վեր Մայիս 28-ը պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Հանրապետութեան օր։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2025, 08:43