MAP

Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը լրագրողներու հետ Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը լրագրողներու հետ 

«Ժամանակն է Լիբանանի մէջ զէնքը միաւորելու, եւ հիմա Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ժամանակը չէ» կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու վիճակին պատրիարքը նշեց. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Հալէպ եւ Դամասկոս մտնելէ ետք կապ հաստատեց առաջնորդարաններուն հետ եւ հանգստացուց զանոնք, ուստի քրիստոնեաները հանգստացուց: Սակայն այն, ինչ որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ, եւ այդքան զոհեր ու տեղահանութիւն տեղի ունեցաւ, Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները անհանգստացուց, եւ անոնք մինչեւ այս պահս զգուշաւոր են»:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Լիբանանեան մամուլի խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Ժամանակն է գումարելու ազգային խորհրդաժողով` մաքրելու համար յիշողութիւնը, եւ մենք շատոնց կոչ կ՛ուղղենք` միասին նստելու, եւ եթէ ատիկա չապահովուի, ապա պէտք է միջազգային խորհրդաժողով գումարուի»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու վիճակին պատրիարքը նշեց. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Հալէպ եւ Դամասկոս մտնելէ ետք կապ հաստատեց առաջնորդարաններուն հետ եւ հանգստացուց զանոնք, ուստի քրիստոնեաները հանգստացուց: Սակայն այն, ինչ որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ, եւ այդքան զոհեր ու տեղահանութիւն տեղի ունեցաւ, Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները անհանգստացուց, եւ անոնք մինչեւ այս պահս զգուշաւոր են»:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ զինաթափման հարցին` Ռայի պատրիարքը յայտնեց. «Ժամանակն է Լիբանանի մէջ զէնքը միաւորելու: Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ այդ նշուեցաւ: Լիբանանեան բանակը հզօրանալու կարիքը ունի եւ պէտք է պետութիւններուն կողմէ աջակցութեան արժանանայ»:

«Ներկայիս լուծումը դիւանագիտական է, որովհետեւ անկարող ենք պատերազմ մղելու, եւ ոչ ոք կրնայ Իսրայէլը դիմակայել: Դիմադրութիւնը իր բոլոր զէնքերով իսրայէլեան զինուորական մեքենային դիմաց ի՞նչ կրցաւ ընել», հարց տուաւ ան:

«Ներկայիս ապազինումը դիւրին չէ եւ ժամանակի կը կարօտի, եւ պէտք է անոր հասնինք, որովհետեւ անոնք ուժեղ են, եւ իրենց կորովը բարձր է», աւելցուց մարոնիներու պատրիարքը` աւելցնելով. «Հիմա Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ժամանակը չէ, եւ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք պէտք է կատարել, ինչպէս` սահմանագծումը եւ զէնքի յանձնումը»:

«Իսրայէլացին կը սպառնայ եւ կը գործադրէ, ուստի ո՞ւր է զինադադարը, որ չենք տեսներ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2025, 08:00