Ռայի Պատրիարք. «Սահմանադրական փոփոխութիւն պահանջողներէն ոմանք իրենց իշխանութեան ընդլայնման կը ձգտին, եւ ոչ թէ` պետութեան բարելաւման»
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Ս. պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ նշեց. «Բոլորը Լիբանանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն կը պահանջեն, սակայն լիբանանցիները տարակարծիք են իրենց զարգացնել ուզած վարչակարգին եւ այդ արկածախնդրութիւններով ու անակնկալներով լեցուն աշխատանքին ձեռնարկելու ժամկէտին շուրջ»:
«Ոմանց նպատակը պետութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատելն է, եւ ոչ թէ` վարչակարգը արդիականացնելը: Այն օրը, երբ թիւը եւ համայնքը յառաջընթացի արժեչափի կը վերածուին, քաղաքակրթութիւնը կը մեռնի: Այդ ատեն վարչակարգի զարգացումը կը դառնայ իշխանութեան բռնագրաւում, եւ քաղաքացիական պատերազմ կը ծագի», նշեց պատրիարքը:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը նաեւ շեշտեց. «Սահմանադրական փոփոխութիւն պահանջողներէն ոմանք իրենց իշխանութեան ընդլայնման կը ձգտին, եւ ոչ թէ` պետութեան բարելաւման»:
«Այսօր պահանջուածը այն է, որ համայնքները պետութեան զիջին եւ ոչ թէ պետութիւնը` համայնքներուն, եւ երկու կողմերը համախմբեն քաղաքացիական պետութիւնը որոնող քաղաքացիները, որովհետեւ Լիբանանի պետութեան մէջ բացակայողը քաղաքացիներու դերակատարութիւնն է», ըսաւ ան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ