ԺԸՆԵՒ – Թուային տարածքին մէջ սեռային խտրականութեան հարցերու նուիրուած գիտաժողով
Ապրիլ 2-ին, Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Եւրոպայի Տնտեսական Յանձնաժողովի՝ Կայուն Զարգացման Տարածաշրջանային Ֆորումի (ԿԶՏՖ) երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ գիտաժողով մը, որ նուիրուած է թուային տարածքին մէջ սեռային խտրականութեան, կիներու դիրքի բարելաւման հարցերուն։
Ձեռնարկը կը կազմակերպուի Հայաստանի, Էսթոնիոյ, Սլովենիոյ եւ Սպանիոյ մնայուն առաքելութիւններու եւ Հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեան կողմէ։
Ձեռնարկին նպատակն է լոյս սփռել թուային տարածքին մէջ կիներու տնտեսական հզօրացումը խոչնդոտող սեռային անջրպետի հարցերուն վրայ եւ որոնել անոնց լուծումները։ 2025-ի ԿԶՏՖ-ն կը կեդրոնանայ «Յառաջացնելով կայուն, ներառական, գիտութեան եւ փաստերու վրայ հիմնուած լուծումներ 2030-ի օրակարգին համար» բնաբանին վրայ։
Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ